2013-06-14 12:38:52

Սպիտակ Տունը Կը Հաստատէ‚ Որ Սուրիական Վարչակարգը Քիմիական Զէնք Օգտագործած է


Մոսկուայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայքըլ Մըքֆոլ յայտարարեց, «կը նախատեսուի, որ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքի հաւանական օգտագործման հետաքննութիւնը, Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ գումարուելիք Ութերու խմբակի վեհաժողովին ծիրէն ներս, ռուս եւ ամերիկացի նախագահներուն քննարկումներու գլխաւոր նիւթերէն մին ըլլայ»:
Ան նշեց, որ «այս հարցը ռուս գործընկերներու հետ սերտ համագործակցութեան հարց մըն է, եւ ատոր մէջ մեր շահերը կը համընկնին»` աւելցնելով, որ «երկու երկիրներուն ազգային ապահովական խորհուրդներուն միջեւ համագործակցութիւնը եւ քննարկումները կը շարունակուին»:
Սպիտակ տունը կը հաստատէ‚ որ սուրիական վարչակարգը քիմիական զէնք օգտագործած է‚ սակայն ընդդիմութեան կողմէ քիմիական զէնքի օգտագործման փաստեր գոյութիւն չունին։







All the contents on this site are copyrighted ©.