2013-06-14 12:51:56

Կեանքին Սրբութիւնը


Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ թէ քրիստոնեաները աշխարհի ստեղծումէն իսկ առաջ՝ ընտրուած են, որպէսզի ըլլան սուրբ, անարատ:
Հին կտակարանին մէջ՝ Աստուած կը հրամայէ ժողովուրդին ըսելով. «Սուրբ եղէ՛ք, որովհետեւ սուրբ եմ ես՝ ձեր Տէր Աստուածը:
«Ամբողջ Աստուածաշունչին մէջ « Սուրբ, Սրբութիւն եւ Սրբել բառերը գործածուան են աւելի քան 1200 անգամ, այսինքն՝ միջին հաշուով գրեթէ մէկ անգամ Սուրբ Գիրքի ամէն մէկ էջին վրայ»:
Մեր Աստուածային Փրկիչը՝ որ տիպարն էր սրբութեան, քարոզեց. «Եղէք կատարեալ, ինչպէս կատարեալ է ձեր Հայրը՝ որ երկինքն է»:
Սրբութիւն, այս է Աստուծոյ կամքը:
Մարդիկ կան, որոնք դիւցազնական կեանքով՝ հասած են սրբութեան, գործած են հրաշքներ, տեսած են ապագան, կարդացած են սրտեր: Այդ դիւցազնական կեանքը՝ Աստուած չի պահանջեր բոլորէն. բայց բոլորէն կը պահանջէ, որ ապրին Աստուծոյ շնորհքով, հեռանան մեղքէն՝ որ մահն է հոգիներու, գործադրեն Աստուծոյ եւ Ս. Եկեղեցւոյ պատուիրանները, կատարեն իրենց պարտականութիւնները՝ սիրով, Աստուծոյ շնորհքին մէջ, այն շնորհքին՝ զոր ընդունած են մկրտութեամբ, Ս. աւազանին մէջ, զոր եթէ կորսնցուցած են՝ ունին միջոցը վերագտնելու ապաշխարհութեամբ:
Քահանաներ, աշխարհականներ, զանազան ասպարէզի պատկանող անձերը, ամուսնացեալները, ամուսիները, բոլորը, պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները՝ սրբութեամբ եւ սիրով:
Սուրբերը, զորս կը մեծարենք խորաններու վրայ, պարզ մարդիկ էին, մարդկային տկարութիւններով հանդերձ, բայց գործակցեցան Աստուծոյ շնորհքին եւ հասան սրբութեան:
Շատերու մտքին մէջ կազմուած է այն գաղափարը, թէ սուրբ ըսուածը տարաշխարհիկ էակ մըն, երկնքի հետ կակ ունեցող անուններ են անոնք: Ոմանց համար, Սուրբերը դիցավիպային էակներ են, որոնք կրնան յիշուիլ կամ յարգուիլ, առանց անպատճառ մեզի յարացոյց կամ օրինակ ծառայելու: Նման գաղափարները սակայն, ոչ մէկ կապ ունին իրական սուրբերու հետ, որոնք մեզի պէս միսէ եւ ոսկորէ կազմուած մարդիկ եղած են, նոյն տկարութիւններով եւ նոյն առաւելութիւններով օժտուած են, ապրած են մեր այն անկատար ու չարիքներով լեցուն աշխարհի վրայ, ըմպելով անոր մատուցած անուշ եւ դառն բաժակները: Հիմնական տարբերութիւնը ասոնց եւ հասարակ մահկանացուներուն միջեւ, այն է, որ սուրբերը յաղթական բաժնուած են կեանքէն:
Պօղոս Առաքեալ, որ վերացաւ մինչեւ երրորդ երկինքը, ինչպէս կը կարդանք Սուրբ Գիրքին մէջ, տեսած էր ինչ որ մահկանացու աչքը չէր տեսած երբեք, գոչեց. « Ո՞վ պիտի ազատէ զիս հոգւոյ եւ մարմնով մարտէն...». Աստուած պատասխանեց. «Բա՛ւ է տուած շնորհքս»:
Մարդիկ ուրեմն պարտին իրենց կամքը հպատակեցնել Աստուծոյ կամքին: Աստուծոյ կամքը մի է՝ ապրիլ սրբութեամբ եւ արդարութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.