2013-06-14 12:39:14

Եւրոպական խորհրդարանը Քննադատեց Թրքական Կառավարութիւնը՝ Ցոյցերուն Նկատմամբ Որդեգրած Միջոցառումներն Ու Կեցուածքները


Եւրոպական խորհրդարանը երէկ որդեգրեց որոշում մը, որ կը քննադատէր թրքական կառավարութեան ու Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` ցոյցերուն նկատմամբ որդեգրած միջոցառումներն ու կեցուածքները, սակայն Թուրքիան չէր դատապարտեր:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Եւրոպական խորհրդարանին որոշումը կը վնասէ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու եւ ընդլայնելու Թուրքիոյ նպատակին ու գետնի վրայ իրականութեանց հետ կապ չունի: Ան ըսաւ, որ որոշումը չեղեալ եւ դատարկ է:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճէյն Փսաքի յայտնեց, որ «տակաւին կը շարունակենք մեծ մտահոգութեամբ հետեւիլ Թուրքիոյ իրադարձութեանց եւ կը կարծենք, որ Թուրքիոյ երկարատեւ կայունութեան, ապահովութեան ու բարգաւաճման մեծագոյն երաշխիքը խօսքի, հաւաքի ազատութեան եւ ազատ ու անկախ լրատուամիջոցներու գոյութիւնն է»` աւելցնելով, որ «թրքական իշխանութիւններէն կը սպասենք այս հիմնական իրաւունքները պահպանել, եւ մենք անհանգստացած ենք իրենց խօսքի ազատութեան իրաւունքը կիրարկող անհատները պատժելու փորձերէն եւ կը դատապարտենք որեւէ կողմի բռնարարքներու պատճառ դառնալը»:
Էրտողան երէկ Կեզի այգիին մէջ նստացոյց կատարող ցուցարարներուն վերջին զգուշացում մը տուաւ` յայտնելով, որ համբերութիւնը սպառած է, եւ անոնց կոչ ուղղեց այգիէն հեռանալու։








All the contents on this site are copyrighted ©.