2013-06-14 12:39:41

Ազգային Ընդհանուր Ժողովի Գումարման Ծիրին Մէջ՝ Համերգ նուիրուած Հայ Մօր


Ազգային ընդհանուր ժողովի գումարման ծիրին մէջ, հինգշաբթի, 13 յունիս 2013-ին, Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը, Պիքֆայայի դպրեվանքի շրջափակին մէջ ելոյթ ունեցաւ` ղեկավարութեամբ Թորգոմ վրդ. Տօնոյեանի եւ դաշնակահար Տաթեւիկ Արթինեանի ընկերակցութեամբ: Համերգը նուիրուած էր հայ մօր, մեկնելով վեհափառ հայրապետին 2013 տարին հայ մօր նուիրած ըլլալու իրողութենէն: Միաժամանակ նաեւ դպրեվանքի 2012-2013 ուսումնական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումն ալ կատարուեցաւ: Համերգին ու ամավերջի հանդէսին ներկայ գտնուեցան միաբան հայրեր, Ազգային ընդհանուր ժողովի պատգամաւորներ եւ մշակութասէր բազմութիւն մը:
Համերգի աւարտին Արամ Ա. կաթողիկոս խօսք առնելով կեդրոնացաւ համերգի բնոյթին վրայ եւ դպրեվանքի կարեւորութեան` մեր սփիւռքեան կեանքին մէջ։
Անդրադառնալով հայ մօր ըսաւ. «Մարդկային կեանքին մէջ տարբեր է մանաւա՛նդ հայ մայրը, իր ինքնութեամբ, իր վարքագիծով եւ կոչումով:
Հայ մայրը իր կոչումին բարձր գիտակցութեամբ, մեր պատմութեան ամէնէն կարեւոր ու դժուար հանգրուաններուն ինքզինք եղաւ ու դարձաւ հայ ժողովուրդին փրկութեան նաւը մեր պատմութեան ամէնէն վճռական պահերուն»:
2013-ը «Հայ մօր տարի» հռչակեցինք, յիշեցնելու համար հայ մօր, որ սրբազա՛ն է, նուիրակա՛ն է, վե՛հ է հայ մօր դերակատարութիւնը մեր կեանքին մէջ: Եւ առ այդ, հայ մայրը պէտք է վերահաստատէ, վերարժեւորէ իր առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ»:
Իր խօսքին երկրորդ բաժինով վեհափառ հայրապետը անդրադարձաւ դպրեվանքի կարեւորութեան` մեր սփիւռքեան կեանքին մէջ: Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Դպրեվանքը մեր կաթողիկոսութեան սիրտն է, ըսած են մեր հայրապետները: Սո՛սկ խօսք կամ արտայայտութիւն չէ այս բնորոշումը, այլ` իրողութիւն: Դպրեվանքը առաքելութիւն է` մարդակերտումի առաքելութիւն: Մարդը արժէք չէ, երբ նպատակ է, մարդը արժէք կը դառնայ, երբ ինքզինք կը նուիրագործէ իրմէ բարձր ու վեհ արժէքներու ի խնդիր»: Իր խօսքը աւարտող սարկաւագներուն ուղղելով` վեհափառը ըսաւ. «Սիրելի՛ տղաք, դուք միայն ուսում չստացաք դպրեվանքէն, այլեւ` ոգի ու տեսիլք: Այդ ոգին ու տեսիլքը պիտի տանիք ժողովուրդին»:
Եզրափակելով իր պատգամը` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ հայ եկեղեցւոյ ու ի մասնաւորի Անթիլիասի առաքելութեան մասին ու ըսաւ. «Մեր եկեղեցւոյ առաքելութիւնը` ծառայութի՛ւն է: Մեր հոգեւորականներուն արժէքը ո՛չ իրենց ունեցած վկայականներուն մէջ է եւ ո՛չ ալ իրենց ունեցած արժանիքներուն, այլ` մեր հոգեւորականներուն արժէքը կը կայանայ իրենց ամբողջական նուիրուածութեամբ կատարած ծառայութեան մէջ: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ վեհափառ հայրապետին պահպանիչով:







All the contents on this site are copyrighted ©.