2013-06-13 11:36:20

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը:
Հանդիպում Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան Խորհուրդի Անդամներուն Հետ։


Հինգշաբթի 13 յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 11-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենաեկի մէջ ընդունեց Սլովէնիայի Վարչապետ` Ալէնքա Պրաթուշհէքը։ Ապա 11,30-ին Գլեմենթինա սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Եպիսկոպոսներու 13-րդ Սիւնհոդոսի Ընդհանուր Քարտուղարութեան Խորհուրդի անդամներուն։
Անոնց արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց իրենց համագործակցութեան ու ծառայութեան Տիեզերական Եկեղեցւոյ ի սպաս։ Ան ապա մատնանշեց վերջին սիւնհոդոսի նիւթի կարեւորութեան ''նոր աւետարանութիւնը եւ հաւատքի փոխանցումը''։ Այս երկու նիւթերու միջեւ սերտ կապ մը կայ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Հաւատքի փոխանցումը նոր աւետարանութեան եւ Եկեղեցւոյ աւետարանական առաքելութեան կէտնպատակն է։ Նոր աւետարանութիւն արտայայտութիւնը լուսարձակի տակ կը դնէ այն յստակ գիտակցութիւնը թէ քրիստոնեայ աւանդութեամբ հնագոյն երկիրներու մէջ պահանջը կայ աւետարանի նորոգուած քարոզութեան որ կ՛առաջնորդէ Քրիստոսի հետ հանդիպումին որ կը յեղաշրջէ մեր կեանքը։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ըսաւ ''կ՛ուզեմ քաջալերել համայն եկեղեցական հասարակութիւնը ըլլալու աւետարանիչ` առանց վախ ունենալու իրենք իրենցմէ դուրս գալու եւ քարոզելու, վստահելով Աստուծոյ ողորմած ներակայութեան որ մեր քայլերը կ՛առաջնորդէ։
Կերպերը անշուշտ կարեւոր են - հաստատեց Սրբազան Հայրը - սակայն ոչ իսկ ամէնէն կատարեալ միջոցը կարելիութիւն ունի փոխարինել աւետարանութեան հիմնական գործիչը` Սուրբ Հոգին։ Հարկ է թոյլ տանք որ Ան առաջնորդէ մեզ, նոյնիսկ նոր ճանապարհներով։ Հարկ է որ բարեփոխէ մեզ որպէսզի մեր քարոզութեան ուղեկից դառնայ նաեւ պազութեան կենցաղ մը, աղօթքի հոգիով եւ սիրոյ արտայայտութեամբ հանդէպ բոլորին նա մանաւանդ հանդէպ մաենափոքրերուն եւ աղքատներուն։ Միայն այսպէսով է որ մեր քարոզութիւնը պտղաբեր կը դառնայ - հաստատեց ֆրանչիսկոս Պապը - հուսկ անդրադարձաւ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդի մասին որպէս Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի արդիւնք որ Եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ հաղորդութեան ծառայութեան ի նպաստ կը գործէ։ Ան ապա ակնարկելով այս օրերուն Հռոմի մէջ գումարուած Սիւնհոդոսական խորհուրդի հաւաքին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին աշխարհի զանազան եպիսկոպոսական սիւնհոդներէն ուղարկուած առաջարկները - ըսաւ ''Վստահ եմ թէ ձեր նուիրեալ աշխատանքը պտղաբեր պիտի ըլլայ համայն Եկեղեցւոյ համար, որ` հաւատարիմ Տիրոջ, կը փափաքի նորոգուած քաջութեամբ հռչակել Յիսուս Քրիստոսը ժամանակակից մարդոց։ Ան Ճանապարհ ճշմարտութիւն ու կեանք է բոլորին ու ամէն մէկ անհատի համար։ Սրբազան Քահանայապետը ապա ժողովականները յանձնեց Աստուածամօր հովանիին ու ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.