2013-06-13 10:48:07

Սուրիական Օդուժը Կը Ռմբակոծէ Արսալը, Իսկ Նախագահ Սլէյման Կը Սպառնայ Բողոքել Արաբական Լիկայի Եւ ՄԱԿ-ի Մօտ


Սուրիական օդուժը երէկ ռմբակոծեց Արսալը, ճիշդ այդ պահուն, երբ գիւղին բնակիչները օր մը առաջ սպաննուած քաղաքացի Ալի Հուժէյրիի թաղումը կը կատարէին:
Սուրիական բանակին յատուկ ուղղաթիռները ռմբակոծեցին Արսալը եւ յատկապէս քաղաքապետարանի փողոցը` պատճառելով վիրաւորներ:
Լիբանանեան բանակին հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ սուրիական ուղղաթիռները ռմբակոծած են Արսալը եւ վիրաւորած լիբանանցի քաղաքացի մը, ինչպէս նաեւ պատճառած նիւթական վնասներ:
Բանակին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ բանակը անհրաժեշտ միջոցներուն դիմած է` դէմ դնելու համար նման ոտնձգութիւններուն:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հետեւեցաւ ապահովական այս զարգացումներուն եւ խորհրդակցելէ ետք հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ, շեշտեց, որ Լիբանան իրաւունք ունի ինքզինք պաշտպանելու, իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը ապահովելու, ինչպէս նաեւ այս մասին բողոքելու Արաբական լիկայի եւ ՄԱԿ-ի մօտ:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ սուրիական օդուժին կողմէ Արսալի ռմբակոծումը երկրին գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւն է` կոչ ուղղելով յարգելու երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրներն ու միջազգային ուխտերը, պահպանելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը:







All the contents on this site are copyrighted ©.