2013-06-13 10:47:48

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար Պան Քի Մուն Կոչ Ուղղեց Հանդարտութեան Եւ Հաւաքներ Կատարելու Ազատութիւնը Յարգելու


Թուրքիոյ մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերուն 13-րդ օրը, Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում ունեցաւ ցուցարարներու ներկայացուցիչներուն հետ` քննարկելու համար անոնց պահանջները: Երէկ ժամը 4:00-ին սկսած հանդիպումին կը մասնակցէին նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մուամմեր Կիւլեր, մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Էօմեր Չելիք, կենսոլորտի եւ քաղաքաշինութեան նախարար Էրտողան Պայրաքթար եւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան փոխնախագահ Հիւսէյն Չելիք:
70 ընկերակցութիւններու աջակցութեամբ կազմուած «Թաքսիմի միասնական ծրագիր» կազմակերպութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ կազմակերպութենէն ոեւէ ներկայացուցիչ վարչապետին հետ հանդիպումին չէ հրաւիրուած` աւելցնելով, որ այնքան ատեն, որ Կեզի այգիի շրջանին մէջ «ոստիկանութեան բռնարարքները» կը շարունակուին, այսպիսի հանդիպումներ ապարդիւն պիտի մնան:
Ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլին կոչ ուղղեց քաղաքական կուսակցութեանց ղեկավարներու ժողով մը հրաւիրելու` քննարկելու համար ցոյցերուն հարցը:
Սպիտակ տունը մտահոգութիւն յայտնեց ազատ խօսքի իրաւունքը կիրարկող անհատներու պատժուելուն համար եւ կոչ ուղղեց կառավարութեան ու ցուցարարներուն միջեւ երկխօսութեան:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն կոչ ուղղեց հանդարտութեան եւ հաւաքներ կատարելու ազատութիւնը յարգելու, ինչպէս նաեւ շեշտեց տարակարծութիւնները երկխօսութեամբ լուծելու կարեւորութիւնը:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կուիտօ Վեսթերֆելէ յայտնեց, որ Թաքսիմի ցոյցերուն նկարները «ցնցիչ են»: «Վարչապետ Էրտողանէն կը սպասենք, որ կացութիւնը հանդարտեցնէ` եւրոպական արժեչափերու ոգիէն մեկնելով, եւ կարծիքներու շինիչ փոխանակումի եւ խաղաղ երկխօսութեան ձգտի», ընդգծեց Վեսթերֆելէ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս յայտնեց, որ կարելի չէ «Արաբական գարնան» օրինակով «Թրքական գարնան» մը մասին խօսիլ, որովհետեւ պարագաները տարբեր են, «որովհետեւ Թուրքիա տնտեսական աճ կ՛արձանագրէ, ինչպէս նաեւ Էրտողանի կառավարութիւնը ժողովրդավարական հոլովոյթի միջոցով ընտրուեցաւ, եւ ասիկա Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի կամ Թունուզի նախկին նախագահ Զէյնել Ապիտին պեն Ալիի պարագային տեղի չունեցաւ»: «Ժողովրդավարական երկրի մը մէջ պէտք է երկխօսութիւն կատարել եւ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ այս պահանջեց», ըսաւ ան:







All the contents on this site are copyrighted ©.