2013-06-13 11:19:43

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ
Աւելին Մի՛ Ակնկալեր


Մարու մտքին ու սրտին մէջ, գոյութիւն ունի ՜՜կատարելութեան հասնելու ձգտումը՝՝ որը միշտ գովելի ու գնահատելի է. սակայն, անիկա եւս ունի իր սահմանները: Մարդ իր կարողութենէն աւելին չի՛ կրնար ըլլալ: Առհասարակ մարդու կարողութիւնները սկիզբէն սահմանագծուած են: Այն հրաշալի գիւտերը, որոնք մարդուն կողմէ կը կատարուին, միշտ ալ կը մնան անոր տրուած կարելիութեանց կամ երկնատուր շնորհքներու սահմանին մէջ:
Մարդկային ընկերութեան մէջ, սակայն, քիչ չէ՛ թիւը անոնց, որոնք բարի ցանկութեամբ միշտ աւելիին կը ձգտին, իրենց կարողութենէն վեր պաշտօններ կը ցանկան, ու մեծ վստահութիւն կը ներշնչեն իրենց շրջապատին, այն աշխատանքներու իրագործման գծով, որոնց մէկ փոքր մասը կատարելու հնարաւորութիւնը չունին:
Տեսնուած է, որ յատկապէս հիմնարկութիւններու ընդհանուր տնօրէններու առաջին քարտուղարներ, մանաւանդ երբ երիտասարդ ու անփորձ տարիքի մէջ են, նման վարքագիծ կ՛որդեգրեն ակամայ: Անոնք այցելուներու խօսակցութիւններէն հատուածներ լսելով, կամ ընդհանուր տնօրէնի ազնուութենէն օգտուելով տեղեկահաւաքի կը սկսին, նախ պատանդ վերցնելով հաւաքուած տեղեկութիւններուն մէջ վատ յիշողութեան արժանացած անձինք, եւ ապա նոյնինքն ընդհանուր տնօրէնը, որուն համար բնականաբար գաղտնապահութիւնը առաջնահերթ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ:
Մանկավարժական սխալ մօտեցումի արդիւնքներէն պիտի ըլլայ նաեւ այն, որ կանխահաս տարիքին ակամայ տեղեկահաւաքի ձեռնարկած անձը, երկու տարբեր փորձութիւններու պիտի մատնուի: Առաջինը՝ ան բնա՛ւ պիտի չճանչնայ իր ինքնութիւնը: Նոյնիսկ կարելի է ըսել, թէ առիթը պիտի չունենայ գտնելու իր անհատականութիւնը: Ծայրագոյն Արեւելքի իմաստուններէն Կոմփիւկիոսի յօրինած քառեակին մէջ նշուած՝ «Ան որ չի՛ գիտեր եւ չի՛ գիտեր թէ՝ չի՛ գիտեր, տգէտ մըն է, հեռացի՛ր անկէ» խօսքը կը նմանի նաեւ հարուստի զաւակի փարթամ կեանքին պարագային. անոր հայրը ամէն յարմարութիւններ եւ նիւթական ապահովութիւն կը տրամադրէ իրեն, իսկ զաւակը ո՛չ մէկ ճիգ թափելու պարտաւորուած կը զգայ իր ապրուստը ճարելու համար: Մանաւանդ Տեղեկահաւաքի մնայուն թուող պաշտօնը անոնք յանկարծ կ՛ուզեն փոխարինել իշխանական ոյժով, որուն բնական անցումը այլեւս իրաւունք կը նկատեն: Եւ այստեղ անոնք կը դիմագրաւեն այնպիսի փորձաքար, որ կրնայ զիրենք քօղազերծել ու իրենց իսկական դիմագիծը՝ խեղճութիւնը, ի յայտ բերել:
Ասոր համար մարդ պէտք է ինքզինք եւ իր կարողութիւնները լաւ ճանչնայ ու բնաւ աւելին պէտք չէ ակնկալէ:
Թէ ինչո՞ւ... ՜՜Մարդոց կազմաւորումը -ըսենք- մեծ դեր կ՛ունենայ անոնց ապագայ կեանքի ու գործունէութեան վրայ՝՝: Ստրկութեան հոգեբանութիւնը դժուար է որ վեհանձնութեան փոխուի, ինչքան ալ շրջազգեստներու գոյները փոփոխութեան ենթարկուին պարտադրաբար: Կարելի՞ է ակնկալել հարուստ տանտիկինէն որ հանդուրժէ իր գեղեցիկ աղախինին ամուսնութիւնը, իր շրջանակէն եղող մեծահարուստ երիտասարդին հետ… Սնափառութեան ախտանշաններ են պարզապէս այդ բոլորը, որ հետզհետէ կը խեղդէ մարդկային հոգին պուտ մը ջուրի մէջ:
Աշխարհը երբեք կատարելութիւններ չէ՛ գտած, ինչքան ալ փնտռած ըլլայ, կամ փայփայած՝ զայն գտնելու երազներ: Միակ դժբախտութիւնը այն եղած է, սակայն, որ ձախող անկատարութիւններ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են, ու որոշումներ կայացուցած շատ աւելի կատարեալ թուացող ամբոխին համար:
Աւելին պէտք չէ՛ սպասել նաեւ անոր համար, որ թերեւս գալիքը աւելի՛ վատթարագոյն կ՛ըլլայ, քան՝ ներկան…:








All the contents on this site are copyrighted ©.