2013-06-13 10:47:57

«Հըզպալլայի Եւ Իրանի Յաջորդ Թիրախը Հալէպն Է» Կ՛ըսէ Ֆապիւս


Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական բանակին երկրին հիւսիսը գտնուող Հալէպի ուղղութեամբ յառաջխաղացքը պէտք է կասեցնել»` զգուշացնելով, որ «ատիկա կրնայ յանգեցնել այն բանին, որ սուրիական ընդդիմութիւնը «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը պոյքոթի ենթարկէ»: «Պէտք է կարենանք կասեցնել այս յառաջխաղացքը դէպի Հալէպ, որ Հըզպալլայի եւ իրանցիներուն յաջորդ թիրախն է», ընդգծեց Ֆապիւս:
Ֆրանսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «վարչակարգին եւ ընդդիմութեան միջեւ հաւասարակշռութիւնը պէտք է վերահաստատել, որովհետեւ եթէ գետնի վրայ հաւասարակշռութիւն չհաստատուեցաւ, սուրիական տագնապի լուծումի քննարկման Ժընեւի խորհրդաժողովը պիտի չգումարուի, որովհետեւ ընդդիմութիւնը պիտի չընդունի ներկայ գտնուիլ»: Ան նշեց, որ «անցնող շաբաթներուն ընթացքին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ուժերը, մասնաւորաբար Հըզպալլան եւ իրանցիները ռուսական զէնքերով յաջողեցան լայն տարածքներու վրայ վերահսկողութիւն հաստատել»:
Սպիտակ տան բանբեր Ճէյ Քառնի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա «իր երկրի զինուորները Սուրիա մարտնչելու պիտի չուղարկէ, մինչ Միացեալ Նահանգներու մէջ սուրիական ընդդիմութեան հաւանական զինման շուրջ քննարկում տեղի կ՛ունենայ»:
«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ «Ժընեւ-2»-ի սկզբունքային թուականը 8 յուլիսը պիտի ըլլայ, սակայն վերջնական թուականը պիտի ճշդուի 25 յունիսին` Ժընեւի մէջ նախատեսուած Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-ՄԱԿ եռակողմ հանդիպումին ընթացքին:







All the contents on this site are copyrighted ©.