2013-06-12 13:34:38

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւն։


''Եկեղեցին Որպէս Աստուծոյ Ժողովուրդ''։


Չորեքշաբթի 12 յունիս 2013-ի առաւօտեան ժամը 10,30-ին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորնեուն։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

Այսօր կ՛ուզեմ կեդրոնանալ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի կողմէ սահմանուած Եկեղեցւոյ յատկանիշներէն մէկուն վրայ այն է`''Աստուծոյ ժողովուրդը''։ Այս կ՛ընեմ խորհրդածութեան նիւթի մի քանի հարցադրանքներ ուղղելով։
Ի՞նչ կը նշանակէ ըլլալ Աստուծոյ Ժողովուրդ - Ի՞նչպէս Աստուծոյ ժողովուրի անդամ կը դառնանք - Ո՞րն է Աստուծոյ Ժողովուրդին Օրէնքը։ Ի՞նչ է Աստուծոյ ժողովուրդին առաքելութիւնը Եւ ի՞նչ է Աստուծոյ ժողովուրդին կէտնապատակը։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր - ըսաւ Սրբազան Հայրը - Աստուած չի պատկանիր ոչ մէկ ազգի, սակայն Ան կոչ կ՛ուղղէ համայն մարդկութեան, առանց խտրականութեան, անդամակցելու իր ժողովուրդին, նոյնիսկ անոնք որ իրենք զիրենք հեռու կը զգան եւ անտարբեր են ու մտավախութիւններու մէջ կ՛ապրին։
Աստուծոյ ժողովուրդին անդամ կը դառնանք ոչ թէ մարմնական ծնունդով այլ նորոգուած Հոգեւոր ծնունդով որ մեծ շնորհք մըն է զոր Տէրը մեզի կը պարգեւէ Հաւատքի եւ Մկրտութեան միջոցաւ։
Աստուծոյ ժողովուրդը ղեկավարուած է սիրոյ օրէնքով. Սէր Աստուծոյ հանդէպ որ ճանչցուած է որպէս կեանքի միակ Տէրը եւ Սէր մերձաւորին հանդէպ, որ բաժանումները կը յաղթահարէ։ Այս ժողովուրդին առաքելութիւնն է Աստուծոյ Յոյսն ու Փրկութիւնը տանիլ աշխարհին որպէս լուսաւոր ճրագ։ Քրիստոնեաներու կեանքը ըլլալու է իսկական նշանը Աստուծոյ սիրոյն որ ամէն անհատ կը հրաւիրէ իր հետ բարեկամանալու։ Որովհետեւ եթէ կը քարոզենք Աւետարանը նա մանաւանդ մեր կեանքի օրինակով Աստուած կրնայ բարեփոխել աշխարհի իրողութիւնը, որ շատ անգամ յատկանշուած է չարով։ Այս ժողովուրդը ի վերջոյ ունի որպէս կէտնպատակ ''Արքայութիւնը'' որ սկիզբ առած է աշխարհի վրայ եւ կը ձգտի Տիրոջ հետ հաղորդութեան` ապրելու համար անհուն սիրոյ ուրախութիւնը։
Թող Եկեղեցին ըլլայ Աստուծոյ գթութեան ու յոյսի վայր, ուր ամէն անհատ ինքզինք զգայ ընդունուած, ներուած եւ քաջալերուած ապրելու Աւետարանի օրինակելի կեանքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.