2013-06-12 14:40:04

Համաձայնագիրի Ստորագրութիւն Ընդմէջ Սուրբ Աթոռի Եւ Կանաչ Հրվարդանի Կղզեխումբին։


Երկուշաբթի 10 յունիսին Կանաչ Հրվարդանի Կղզեխումբի` Պրայայի կառավարութեան շէնքին մէջ ի ներկայութեան Կանաչ Հրվարդանի կղզեխումբին նախարարապետ Տիար Խօսէ Մարիա Նեվէսի, տեղի ունեցաւ համաձայնագիրի մը ստորագրութիւնը ընդմէջ Սուրբ Աթոռի եւ Կանաչ Հրվարդանի կղզեխումբի հանրապետութեան որ կ՛ընդգծէ տեղական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Իրաւական կարգավիճակը ։
Համաձայնագիրը կը հայի մասնաւորապէս դպրոցներու մէջ կրօնուսուսցումի, կանոնական ամուսնութեան, բարեսիրական մարմիններու ստեղծումի, հիւանդանոցներու եւ բանտերու եկեղեցական հովուութեան ու եկեղեցւոյ ստացուածքին ու տուրքերուն։
Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Պրայա քաղաքին մէջ Վատիկանի ու Կանաչ Հրվարդանի կղզեխումբի արտգործ նախարարներէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.