2013-06-12 14:57:52

Կարտինալ Գոխ Ուկրանիոյ Մէջ կը Խրախուսէ Կաթողիկէ Եւ Օրթոտոքս Եկեղեցիներու Միութիւնը։


Եկեղեցիներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարտինալ Գոխ Ուկրանիա կատարած այցելութեան ընթացքին 6-12 յունիս, հաստատեց որ համամիութենական երկխօսութեան նպատակն է ''կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու տեսանելի միութիւնը''։ Ան հաստատեց որ կաթողիկէ եկեղեցին պիտի խորացնէ իր փաստարկութիւնները Պետրոս առաքելապետի գլխաւորութեան մասին, եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան մէջ։ Օրթոտոքս եկեղեցիները իրենց կարգին պէտք է քաջութեամբ սերտեն եկեղեցաբանութեան հարցերը` մասնաւորապէս ինքնագլուխ ազգային եկեղեցիները ու անոնց ազգայնամոլութեան հակումի վտանգը։








All the contents on this site are copyrighted ©.