2013-06-12 14:52:26

Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի Նախագահի Այցը Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններ։


Յունիս 11 - 15­ Ժողովուրդներու Աւետարանութեան ժողովի նախագահ` Կարտինալ ֆէրնանտօ ֆիլոնին հովուական այցելութեամբ մեկնածէ Արաբական միացեալ Էմիրութիւններ ուր Րաս էլ Խայմէյի մէջ պիտի գլխաւորէ Բատովացի Սուրբ Անտոնի Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը։
Իր կեցութեան ընթացքին Կարտինալ ֆիլոնին հանդիպում կ՛ունենայ Սուրբ Աթոռի առաքելական Նուիրակ` գերապայծառ Փիդէր Րայիչի ու անոր փոխանորդ` գերապայծառ Փօլ Հինտէրի հետ, ինչպէս նաեւ Էմիրութիւններու մէջ գործող քահանաներուն եւ կրօնաւորներուն հետ։
Կարտինալը պիտի այցելէ Ապու Տապիի Շէյխ Զայիտ Մզկիթը եւ Սուրբ Յովսէփի անուան Կաթողիկէ հաստատութիւնը ինչպէս նաեւ կաաթողիկէ միաբանութիւններու կեդրոններ։

Յունիս 14-ին Ժողովուրդներու Աւետարանութեան Ժողովի Նախագահը Րաս Էլ Խայմէի մէջ պիտի նախագահէ Սուրբ Անտոն Բատովացիի անուան նուիրուած Եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը։

Գերապայծառ Հինտէր յայտնած է թէ նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարութիւնը կարելի եղաւ համայն աշխարհի հաւատացեալներուն նուիրատուութիւններուն եւ զօրակցութեան շնորհիւ ու թէ տարածքը որւն վրայ կառուցուած են Եկեղեցին ու հովուական կեդրոնը ձրիօրէն տրամադրուած է Էմիրի կողմէ, քրիստոնեայ հասարակութիւններու գործածութեան համար։

Նշենք թէ վերոյիշեալ եկեղեցւոյ օծման արարողութեամբ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու 7 նահանգներու մէջ կաթողիկէ աղօթատեղերու թիւը կը բարձրանայ 8-ի։ Յայտնենք որ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու մէջ կ՛ապրին շուրջ 2,5 միլիոն կաթողիկէ հաւատացեալ։

Սուրբ Աթոռի եւ Միացեալ Արաբական Էմիրութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սկիզբ առած են 2007-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.