2013-06-11 11:50:33

Քրիստոնեաներու Եւ Հրեաներու Միասնական Ուխտագանցութիւն՝ Երուսաղէմ։


Կարտինալ Մարդինիի մահուան յիշատակին առթիւ, յունիս 9-էն 18, քրիստոնեաներէ եւ Հրեաներէ բաղկացած խումբ մը ուխտագնացութիւն կը կատարեն Երուսաղէմ` այցելելու համար Սուրբ վայրերը։
Վերոյիշեալ ուխտագնացութեան յայտագիրը կը նախատեսէ զանազան հանդիպումներ Թէլ Աւիւի մէջ, ինչպէս նաեւ այցելութիւն Երուսաղէմի Ողբերգրութեան պատին, Իսրայէլի Խորհրդարան, Եատ Վա Շէմ, Փիլիսոփայ եւ ռաբունի Մոզէ Մայմօնիտէի դամբանին։ Նախատեսուած են ապա այցելութիւններ քրիստոնէական աւանդութեան պատկանող վայրերերու` ինչպէս Երուսաղէմ եւ Գալիլէա։
Վերոյիշեալ նախաձեռնութիւնը կազմակերուած է նպաստելու համար երկու կրօններու միջեւ երկխօսութեան, յարգանքի եւ ճանաչողութեան զարգացման ի նպաստ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.