2013-06-11 11:56:23

Սուրբ Հոգիին Նոր Շունչը Եկեղեցւոյ Մէջ


Պատմական եւ անմոռանալի օրեր ապրեցաւ Կաթողիկէ եկեղեցին Յունիս 9-էն մինչեւ Յունիս 11 Քահանայական տարուոյն փակման առթիւ : Երկու ամսուայ վախէն եւ յուսախափութենէն ետք, ահաւասիկ նոր շունչ մը մտաւ Եկեղեցւոյ մէջ, որ կ’ըսէր. «մի վախնաք հակառակ ամէն տեսակ սխալներու եւ գայթակղութիւններու... Ես ձեզի հետ եմ, Եկեղեցին զօրաւոր է եւ զօրաւոր պիտի մնայ շնորհիւ իր պետին՝ Սրբազան Քահանայապետին եւ ծառայող վարդապետ առաքեալներուն»: Սատանան ամէն տեսակ միջոց գործածեց ու պիտի գործածէ քանդելու համար այս գեղեցիկ հիմնարկը զոր Քրիստոս հիմնեց, որուն այսօր ետ յարութիւն կու տայ իր առաքեալներուն ցիրուցան ցրուած՝ իր խօսքը աւետելու :
Ինծի համար մեծ եւ գեղեցիկ փորձառութիւն մըն էր գտնուիլ այս օրերուն Հռոմի մէջ՝ տեսնելու եւ ապրելու հաւատքը իմ եղբայրակիցներուս հետ, մանաւանդ երբ ամէնքս նորոգեցինք մեր քա-հանայական ուխտը Բենեդիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին առջեւ: Դիւրին էր տեսնել Քահանայապետին արցունքները երբ ան Ս. Պետրոսի հրապարակը մուտք գործեց : Ամէնքս՝ այդ 15 000 վարդապետները որոնք եկած էին աղօթելու եւ խորհելու, նոյն զգացումը ունեցանք, եւ բաժնեցինք Սրբազան Քահանայապետին հետ իր ուրախութիւնն ու զգացումները :
Առաջին եւ երկրորդ օրերուն, հաւաքուեցանք Հռոմի Լատէրանի Ս. Յովհաննէս եւ Ս. Պօղոս երկու մայր Եկեղեցիներուն մէջ : Առտուայ 7-ին արդէն սկսած էինք ճամբան բռնել դէպի Եկեղեցին, մասնակցելու համար հանդիպումներուն: Երկրպագութիւն ամենասուրբ հաղորդութեան, օրուայ մտածականը զոր կու տայ ին մի քանի Կարդինալներ, ապա խոստովանանք եւ Ս. Պատարագ: Կարդինալները խօսեցան Ս. քահանայութեան խորհուրդին կարեւորութեան, քահանայական կոչման, Սուրբ Հոգիին եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի դերին եւ մեր քահանայութեան դժուարութիւններուն մասին :
Ամենայուզիչ պահերը ապրեցանք հինգշաբթի 10 Յունիս երեկոյան աղօթքի ընթացքին, երբ Սրբազան Քահանայա-պետը հրապարակ մտաւ իր ինքնաշար-ժով յետ երկար աղօթքներու, երգերու եւ մանաւանդ կարգ մը վարդապետներու տուած վկայութիւներուն: Իմ մտքիս մէջ կ’ա-ղօթէի որպէսզի Աստուած պահէ այս համախմբուած վարդապետները, մեր քահանայական կոչումը եւ սուրբ Եկե-ղեցին: Աղեօ՞ք մենք՝ տկար վարդապետ-ներս՝ պիտի կարենա՞նք տոկալ ահաւոր յարձակումներու եւ գայթակղութիւններու դիմաց: Բայց պատասխանը անմիջական էր թէ այս քահանաներու եւ իրենց վկայ-ութիւներու, մանաւանդ սրբազան քահա-նայապետին շնորհիւ, Եկեղեցին պիտի շարունակէ տոկալ, պիտի շարունակէ գործել եւ սփռել սուրբ Աւետարանը, Յի-սուս պիտի շարունակէ պաշտպանել եւ ուժ տալ իր հիմնած Եկեղեցիին :
Սրբազան Քահանայապետը պա-տասխանեց 5 վարդապետներու հարցում-ներուն որոնք կը հայէին քահանաներու դժուարութիւններուն, աստուածաբանու-թեան, կուսութեան, ծէսին եւ կոչում-ներուն: Քահանայապետը յստակօրէն եւ առանց վախի պասխանեց, շեշտը դնելով քահանային եւ կոչման կարեւորութեան վրայ :
Ուրբաթ Յունիս 11, տօնն էր Յիսուսի Սուրբ Սրտին. Սրբազան Քահանայա-պետը ձայնաւոր սուրբ պատարագ մա-տոյց առաւօտեան ժամը 10-ին Ս. Պետրոս հրապարակին վրայ : Եկեղեցւոյ պատմութեան մեծագոյն պատարագը հանդիսացաւ քանի որ համապատարագողներու թիւը կը հասնէր շուրջ 15 հազարի, անոնցմէ 400-ին պաշտօն տրուած էր սրբութիւնը բաշխելու պատարագին մաս-նակցող հաւատացեալներուն: Որոշ արա-րողութիւններ ներմուծուած են ծիսա-կատարութեան սկիզբը, ինչպէս օրհնեալ ջուրի սրսկում՝ ի նշան ապաշխարութեան:
Սուրբ Գրային ընթերցումէն ետք Նորին Սրբութիւնը քարոզ մը արտասանեց, շեշտը դնելով քահանային առանձնանշորհումին վրայ որ կը կայանայ Քրիստոսի անունով մեղքերը արձակել, հացն ու գինիին վրայ գոհաբանական խօսքեր արտասանելով զանոնք կը կերպարանափոխէ Յիսուսի մարմինին եւ արեան: Քահանայութիւնը պարզապէս «պաշտօն» մը չէ այլ խորհուրդ մը: Աստուած խեղճ մը կ’օգտագործէ որպէսզի անոր միջոցաւ կարենայ գտնուիլ մարդկանց միջեւ: Ապա Քահանայապետը կոչ ուղղեց երիտասարդները մօտեցնելու եւ քաջալերելու Աստուծոյ կոչին համապատասխանելու : Ան՝ եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ, «ամէն քրիստոնեայ եւ ամէն քահանայ պարտական է դառնալ, Քրիստոսի միջոցաւ աղբիւր մը՝ որ կեանք կը հաղորդէ ուրիշներուն: Մենք պէտք է կեանքի ջուրը պարգեւենք ծարաւէ տառապած աշխարհի մը :







All the contents on this site are copyrighted ©.