2013-06-11 12:11:34

Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանը Մեծն Պրիտանիայ Կ՛այցելէ։


Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական Խորհուրդի նախագահ` Կարտինալ Ժան Լուի Թոռան 12 - 16 յունիս այցելութիւն կը կատարէ Մեծն Պրիտանիայ ''հաստատելու եւ ամրապնդելու այդ երկրին հետ սերտ յարաբերութիւնները'' եւ ''բացայայտելու թէ կրօններու միջեւ բարեկամութիւնը ինքնին նախապայման մըն է խաղաղութեան կերտումին, ինչպէս ըսած էր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, 2012-ի ծննդեան ''մարդկութեան այսօրուայ իրողութեամբ կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը անհրաժեշտ պայման մըն է աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար, եւ այս պարտականութիւն է քրիստոնեաներու եւ միւս կրօններու հասարակութիւններուն համար''։
Իր կեցութեան ընթացքին կարտինալ Թոռան պիտի այցելէ զանազան կրօններու կեդրոններ իսկ 13 յունիսին Ուեսդմինսդերի մէջ պիտի մասնակցի ''խաղաղութեան ի սպաս միասին աղօթք'' խորագրով կազմակերպուած հանդիպումի մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.