2013-06-11 12:05:15

Երուսաղէմի Ժառանգաւորաց Վարժարանի Եւ Ընծայարանի Ամավերջի Հանդէս


Երկուշաբթի 10 Յունիսին, երեկոյեան ժամը 7­ին, Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբայ վանքի Ժառանգաւորաց սրահը լեցուած էր հանդիսատեսներով, որոնք եկած էին Երուսաղէմէն, Հայաստանէն ու այլ երկիրներէ, ներկայ գտնուելու համար Ժառանգաւորաց ամավերջի հանդէսին եւ վկայականներու բաշխումին։
Երեք սարկաւագներ, որոնք աւարտած էին աստուածաբանական ուսումները եւ 13 ժառանգաւորներ, որոնք այս տարի կ՛աւարտէին առաջին բաժինը Ժառանգաւորացի, արդէն տեղ գրաւած էին բեմին վրայ, երբ հանդիսաւոր թափօրով մուտք գործեց Ամենապատիւ Պատրիարքը, Նուրհան Արք. Մանուկեան, իր շքախումբով։ Ներկաներուն մէջ տեղ գրաւած էր նաեւ Գերապայծառ Յովսէփ Ծայրագոյն Վարդապետ Քէլէկեան, Առաջնորդը Հայ Կաթողիկէ համայնքին։
Նախ եւ առաջ` երգուեցան Սիրտ ի սիրտ քայլերգը, ապա Մեր Հայրենիքը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Պրն. Վահէ Գալայճեանի, դպրեվանքի հնամենի երաժշտութեան ուսուցչին։ Ապա` Նարեկ Սարկաւագ Կարապետեան, Գանատայէն, կարդաց ուղերձ մը ուր շնորհակալութիւն կը յայտնէր, շրջանաւարտներու անունով, բոլոր իրենց ուսուցիչներուն եւ գլխաւորաբար իրենց տեսուչին` Հայր Թէոդորոս Վարդապետին։
Ապա շրջանաւարտները կատարեցին նուագներ մեներգներ եւ ասմունքներ, հայերէն թէ օտար լեզուներով, որոնց մէջ կը փայլէր Նարեկ Սարկաւագը, Անուշ Օփերայէն առնուած` Բարձր սարեր մեներգով եւ իր դիւթական ձայնով։ Յիշատակի արժանի էր նաեւ Վարդարան խմբերգը, խօսք Եղիվարդ Պատրիարքին եւ երաժշտութիւն Օհան Տուրեանի։
Հուսկ Ժառանգաւորները երգեցին նշանաւոր Ով Մեծասքանչը Կոմիտասի։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ամենապատիւ Պատրիարքը եւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ ուղարկուած Սահակ­Մեսրոպ շքանշանով պարգեւատրեց Պրն. Վահէ Գալայճեանը իր 58 տարիներու անխոնջ աշխատանքին համար Ժաղանգաւորացէն ներս. Որմէ ետք խօսք առաւ Պրն. Վահէ, շնորհակալութիւն յայտնելով այս մեծ պատուին համար որ իրեն կ՛ընծայուէր, ինչպէս նաեւ կարգ մը յիշատակելի դէպքեր վեր առնելով, ի մէջ այլոց իր երբեմնի աշակերտին եւ ներկայ Նուրհան Պատրիարքին ուշիմութիւնը եւ աշխատասիրութիւնը։
Ապա Պատրիարք Հայրը բաշխեց վկայականները շրջանաւարտներուն, եւ շնորհաւորեց զիրենք ու քաջալերեց իրենց կոչման մէջ յարատեւելու։ Ժառանգաւորները երգեցին Երուսաղէմի Սուրբ Աթոռի օրհներգը, Օրհնեցէք, որմէ անմիջապէս ետք` ամէնքը յոտընկայս երգեցին Հայր մերը։ Յետ Պատրիարքի օրհնութեան, բոլոր ներկաները հիւրասիրուեցան յատուկ մեծ կարկանդակով մը, պատրաստուած այս առիթին համար։
Նշելու է թէ Պրն. Վահէ Գալայճեան եւ իր ազնուափայլ տիկինը` Շաքէ, ամէն կիրակի առանց բացառութեան կ՛ապահովեն երգեցողութիւնը եւ երգեհոնի ընկերակցութիւնը Երուսաղէմի հայ կաթողիկէ Ցաւագին Տիրամօր Եկեղեցւոյն մէջ։ Աստուած վարձահատոյց լինի իրենց հաւատարմութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.