2013-06-10 11:51:23

Հէյկ Զգուշացուց, Սուրիոյ Ներկայի Կացութիւնը «Ժընեւ2 Խորհրդաժողովին Կազմակերպութիւնը Կը Դժուարացնէ»


Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ «Պի.Պի.Սի.»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ «սուրիական վարչակարգին զինուորական գետնի վրայ արձանագրած յառաջխաղացքը Սուրիոյ տագնապը լուծելու միջազգային խորհրդաժողովի կազմակերպման ու յաջողութեամբ պսակման ջանքերը կը դժուարացնէ»:
Մինչ Հէյկ զգուշացուց, որ այս կացութիւնը «Ժընեւի խորհրդաժողովին կազմակերպումն ու յաջողութեամբ պսակումը կը դժուարացնէ», միաժամանակ ան յայտնեց, որ «այս վարչակարգը հաւանաբար այդ բանակցութեանց ընթացքին զիջումներ կատարելու նուազ պատրաստակամ պիտի ըլլայ եւ ընդդիմութիւնը բանակցութեանց մասնակցելու համոզելը այլեւս աւելի դժուարացաւ»:
Պատասխանելով «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին յաջողութեան կարելիութեան մասին հարցումի մը, բրիտանական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «ներկայիս Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ ՄԱԿ-ի միջեւ այս հարցով աշխուժ խորհրդակցութիւններ տեղի կ՛ունենան»:
Զինուորական աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ սուրիական բանակը սկսած է «Հիւսիսի փոթորիկ» կոչուող գործողութեան մը, որուն նպատակը Հալէպի նահանգին ու քաղաքի մերձակայքին վերատիրացումն







All the contents on this site are copyrighted ©.