Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի պատմական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ հիւսիսային Իրաքի քրտական
շրջանի մայրաքաղաք Էրպիլ` ինքնավար շրջանին եւ կեդրոնական կառավարութեան միջեւ սառոյցը
հալեցնելու համար: Իրաքի կառավարութիւնը 2003-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Էրպիլի
մէջ գումարեց իր ժողովը: Մալիքի եւ նախարարները զինուորական օդանաւով հասան Էրպիլ, ուր
դիմաւորուեցան շրջանի նախագահ Մասուտ Պարզանիի կողմէ: Իրաքեան պետական պատկերասփիւռի
կայանը հաղորդեց կառավարութեան ժողովին ընթացքին Մալիքիի արտասանած խօսքին մէկ մասը:
Ան իրաքցիներուն կոչ ուղղեց համախմբուելու, որպէսզի շրջանային անկայունութեան «վտանգը»
դիմակայեն: