2013-06-10 12:42:02

Արաբական Քրիստոնեայ Ընկերային Հաղորդակցութեան Միջոցներ Արդարութեան, Խաղաղութեան Եւ Մարդու Իրաւունքներու Ի Սպաս'' Բնաբանով Ուսումնաժողով։


Յորդանանի մէջ 10 եւ 11 յունիսին տեղի կ՛ունենայ ուսումնաժողով յատկացուած` եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն եւ կարգ մը աշխարհականնեուն, որուն բնաբանն է ''Արաբական քրիստոնեայ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները արդարութեան, խաղաղութեան եւ մարդու իրաաւունքներու պաշտպանութեան ի սպաս''։
Ուսումնաժողովը կազմակերպուած է ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու քահանայապետական խորհուրդի կողմէ համագործակցութեամբ Յորդանանի ''Media Catholic Center'' կեդրոնի, ընդգծելու համար հաղորդակցութեան կարեւրութիւնը ի սպաս խաղաղութեան եւ մարդկային արժէքներուն։
Վերոյիշեալ համաժողովին կը մասնակցի Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք` գերերջանիկ ֆուատ Թուալ եւ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` գերապայածառ Գլաուտիօ Մարիա Չէլլի։ Ուսումնաժողովի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու մասնագէտներ որոնց շարքին նաեւ մահմետական մը ինչպէս նաեւ Յորդանանի Տեղեկատուութեան Նախարարը։
Երեքշաբթի 11 յունիսին գերապայծառ Գալուտիօ Մարիա Զէլլին ''Ընկերային հաղորդակցութեան նոր կերպեր եւ աւետարանացում'' խորագրով դասախօսութիւն մը կը ներկայացնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.