2013-06-10 13:38:40

«Ալիս Ներկիզեան» Մանկամսուրէն 47 Աշակերտներ Ստացան Իրենց Անդրանիկ Վկայականները


Շաբաթ, 8 Յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի եզրա-փակիչ հանդիսութիւնը եւ վկայականաց բաշխումը, ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մեսրոպեան վարժա-րանի մանկամսուրի պատասխանատու տիկին Սալբի Մուղալեան, որ նշեց, թէ աշակերտները մանկամսուրին մէջ խաղերուն ընդմէջէն ընկերային, զգացական եւ կրթական առումով զարգացան ու յառաջդիմեցին: Ան հաստատեց, որ երեխաները արդէն պատրաստ են մուտք գործելու մանկամարտէզի դռնէն ներս: Տիկին Մուղալեան շնորհաւորութիւն յայտնեց մանկամսուրի ուսուցիչներուն, որոնք երեխաներուն սորվեցուցին ամբողջ կեանքին ընթացքին օգտակար հմտութիւններ եւ զետեղեցին նախնական կրթութեան հիմերը:
Ապա շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին մանկամսուրի 71 աշակերտները ներ-կայացուցին կոկիկ գեղարուեստական յայտագիր: Նախակրթարանի աշակերտ-ներ Էլի Թորանեանի եւ Միսաք Ազատեանի կողմէ թատերական բեմավարու-թեամբ աշակերտները շրջագայեցան երկրէ երկիր, Հայաստանէն Յունաստան, Քորէա, Ճաբոն, Ֆրանսա եւ Լիբանան, ուր ներկայացուցին իւրաքանչիւրին պարը, հաստատեցին հայութեան ներկայութիւնը եւ շեշտեցին հայրենիք վերադառնալու ու ազգային արժէքները պահպանելու կարեւորութիւնը: Հանդիսութեան գեղար-ւեստական բաժինը աւարտեցաւ հայկական պսակի գեղեցիկ եւ հաճելի ներկա-յացումով:
Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն.Կրէկուար Գալուստ, որ մեծապէս գնահատեց աշակերտներուն ներկայացումները: Մեսրոպ-եան վարժարանի տնօրէնը մաղթեց, որ աշակերտները ապագային հայաշունչ մթնոլորտի մէջ մեծնալով կազմեն իսկական հայ ընտանիքներ եւ տէր կանգնին հայութեան ժառանգութեան: Պրն. Գալուստ հաստատեց, որ «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրը ջերմ մթնոլորտի մէջ կը հետեւի արդիական պահանջներուն, սերտուած կրթական ծրագիրներու եւ ազգային ու հոգեւոր դաստիարակութեան փոխանցման սկզբունքներուն: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ վկայականաց բաշ-խումով:








All the contents on this site are copyrighted ©.