2013-06-09 12:36:47

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Կիրակի 9 յունիս 2013-ի կէսօրին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հազարաւոր իտալացի եւ օտարազգի հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութիւն մը կատարեց որուն մէջ վերյիշեց Յիսուսի Սուրբ սրտին
նուիրուած Յունիս ամսուայ ջեռմերանդութիւնը ու անցեալ ուրբաթ օրուայ տօնակատարութիւնը, յայտնելով թէ Յիսուսի Սուրբ Սիրտը Աստուծոյ գթութեան ու սիրոյ ամենակարեւոր խորհրդանիշն է։ ''Ոչ թէ երեւակայական այլ իսկական խորհրդանիշ մը - հաստատեց Պապը - աւելցնելով թէ ան կեդրոնն է ու ակնաղբիւրը ուրկէ Ժայթքեցաւ փրկութիւնը համայն մարդկութեան համար։

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց ապա Աւետարաններու մէջ Յիսուսի Սրտին մասին վկայակոչութիւններուն հաստատելով թէ Յիսուսի սէրը միայն զգացում մը չէ, այլ զօրութիւն մը որ կեանք կը ներշնչէ եւ մարդը կը յարուցէ, ինչպէս պատմուած է Ղուկաս աւետարնի 7 գլուխ 11-17 համարներուն մէջ, Նայիրի երիտասարդին յարութեան մասին։

Ի՞նչ է այս սիրոյն պտուը - հարց տուաւ Քահանայապետը ու պատասխանեց` Կեանքն է։ Աստուծոյ սէրը կեանք կու տայ մարդուն ու զայն մեռելներէն կը յարուցէ։ Տէրը մեզի միշտ գթութեամբ կը նայի ու մեզ կը սպասէ։ Վախ չ՛ունենանք Անոր մօտենալու։ Գթասիրտ հոգի ունի եւ երբ Իրեն ցոյց տանք մեր ներքին վէրքերը` մեր մեղքերը, Ան միշտ կը ներէ մեզի։ Անհուն սիրով։

Հայցենք Սուրբ Կոյսէն որ իր մայրական ու անարատ սրտով կիսեց Աստուծոյ կարեկցութիւնը որ մեզ օգնէ ըլլալու հեզ, խոնարհ ու գթասիրտ մեր եղբայրակիցներուն հանդէպ։

Այս խօսքերէն ետք Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ու ապա ողջոյնի խօսք մը ուղղեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն, յատուկէն յիշելով Լեհանստանի մէջ տեղի ունեցած` Մայր Սոֆիա Մայեովսքայի եւ Մայր Մարկերիդա Շքեւչէքի երանացման արարողութիւնը ու ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.