2013-06-07 15:18:33

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը։ Նորին Սրբութեան Հանդիպումը Յիսուսեան Վարժարաններու Ուսանողներուն Հետ։


Ուրբաթ 7 յունիս Տօն Յիսուսի Սուրբ Սրտի` հաստատուած Պիոս Թ քահանայապետի կողմէ 1856-ին։ Այսօր կը նշուի նաեւ Կղերի Սրբութեան աղօթքի օրը։
ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաւօտեան ժամը 11-ին ընդունեց Հայաստանի հանրապետութեան նորանուանուած դեսպան` Տիար Միքայել Մինասեան, հաւատարմագրերու ներակայացումի առթիւ։ 11,30-ին ընդունեց Կարտինալ ֆրնասիսքո Կզավիէ Էրրազուրիս Օսսա` Չիլէի Սանդիակոյի երբեմնի Արքեպիսկոպոս, հուսկ ժամը 12-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Յիսուսեան միաբանութեան վարժարաններու շուրջ 8000 ուսանողներուն։ Իսկ յետմիջօրէի ժամը 6-ին ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց գերապայծառ Կէրատ Լուտվիկ Միւլլէր` Հաւատոյ Վարդապետութեան Ժողովի Կառավարիչ։

Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Յիսուսեան Միաբանութեան պատկանող դպրոցներու ուսանողներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ`.
ճառ մը պատրաստած էի սակայն շատ երկար է առ այդ համառօտ կերպով կը ներկայացնեմ`ու ապա պիտի խնդրեմ որ ձեզի բաժնուի։ Ներկաները մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին ֆրանչիսկոս Պապի խօսքերը։
Ան ուստի խօսեցաւ Սուրբ Իգրանտիոսի ուսուսցումներուն մասին եւ Յիսուսեան միաբանաութեան վարժարաններու մէջ ուսուցուման հիմնական տարրի մասին որ է ''վեհանձնութիւնը''։ Վէհանձն ըլլալ կը նշանակէ ունենալ մեծ սիրտ մը, ըլլալ մեծահոգի, ունենալ բարձր իտէալներ ու իրագործել մեծ բաներ համապատասխանելու համար Աստուծոյ խնդրանքին։ Վեհանձնութեան ձգտող մարդկային կազմաւորումը խիստ կարեւոր է եւ Յիսուսեան միաբանութեան վարժարանները այս ուղղութեամբ կը ջանան զարգացնել մարդկային առաքինութիւնները` հաւատարմութիւն, յարգանք, նուիրում ու յանձնառում։
Սրբազան Հայրը ապա կեդրոնացաւ ''ազատութիւն եւ ծառայութիւն'' բառերու վրայ։ Ազատութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - կը նշանակէ գնահատել ու զանազանել չարը բարիէն եւ միշտ ընտրել բարին որովհետեւ մենք ազատ ենք բարիին համար ու այս ուղղութեամբ մի վախնաք հակահոսանք ընթանալու։
Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկ խօսք մը ուղղեց ''դաստիարկներուն'' ընդգծելով որ դաստիարակութիւնը արհեստ մը չէ այլ ապրելակերպ եւ քաջալերելով դաստիարակները իրենց կեանքի օրինակով վկայել իրենց հաղորդած պատգամները։
Սրբազան Հայրը հուսկ հրաւիրեց երիդասարդները հարցումներ ուղղելու եւ ինք սիրայօժար պատասխանեց անոնց եւ հանդիպման աւարտին բոլորը հրաւիրեց միասնաբար աղօթելու ու ապա ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.