2013-06-07 11:46:38

Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապտը Ընդունեց Սուրբ Աթոռի Մօտ Հայաստանի Նոր Դեսպան Տիար Միքայէլ Մինասեան` Հաւատարմագրերու Ներկայացումի Առթիւ։


Ուրբաթ 7 յուլիսի առաւօտեան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր դեսպան` 35 ամեայ Տիար Միքայէլ Մինասեանը, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։ Յայտնենք որ Տիար Միքայէլ Մինասեան Հայաստանի հանրապետութեան` Սուրբ Աթոռի մօտ ''մնայուն'' առաջին դեսպանն է։
Վսեմաշուք Տիար Միքայէլ Մինասեան Ս. Աթոռի Մօտ Հ Հ Դեսպանը ։
Ծնած է 1977-ի հոկտեմբերին։
Նախնական, բարձրագոյն ու համալսարանական ուսում ստացած է Հայաստանի եւ Իտալիոյ համալասարաններէն։
Մագիստրոսի աստիճանի արժանացած է գերազանցութեամբ` Թրիէսդէի համալսարանին մէջ, ուսումնասիրելով “Կովկասեան աշխարհառազմավարական և աշխարհաքաղաքական տինամիքան” թեման։ Ասպիրանտուրան ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի պատմութեան ինստիտուտէն. “Հայկական հարցը և հայ եկեղեցին 1877-1878թթ” թեմայով։
Նախքան Ս Աթոռի մօտ Հ Հ դեսպան նշանակուիլը դեսպան Միքայէլ Մինասեան ստանձնած է կառավարական կարեւոր ու պատասխանատու պաշտօններ, ան նաեւ եղած է դասախօս Իտալիոյ ու Հայաստանի համալսարաններու մէջ։
Լեզուի իմացութիւն. Հայերէնի կողքին՝ նոր դեսպանը, սահուն կերպով կը խօսի ռուսերէն, իտալերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.