2013-06-07 11:49:18

Մեր Գերեզմանոցը Վերցուցիք, Սակայն Մեր Այգին Չէք Կրնար Վերցնել. Պոլսահայերը Կը Մասնակցին Ցոյցերուն


Սթամպուլի «Կեզի» այգիի պահպանման համար սկսած դիմակայութեան կը մասնակցի նաեւ պոլսահայերու «Նոր զարթօնք» շարժումը:
News.am-ի փոխանցումով` սթամպուլահայերու «Նոր զարթօնք» շարժման կողմնակիցները «Կեզի» այգիի պահպանութեան նուիրուած ցոյցերուն կը պարզեն պաստառներ, որոնց վրայ գրուած են հետեւեալ տողերը. «Սուրբ Յակոբ հայկական գերեզմանոց. 1551-1939. Մեր գերեզմանը վերցուցիք, մեր այգին չէք կրնար վերցնել», «Հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, խաղաղութիւն, ազատութիւն. Նոր զարթօնք»:
Նշենք, որ Սթամպուլի Թաքսիմ հրապարակի հարեւանութեամբ գտնուող «Կեզի» այգիի տարածքին 1551-էն մինչեւ 1939 թուականը եղած է հայկական գերեզմանոց:
Հայկական գերեզմանատան տեղը կառուցուած է «Տիվան» հիւրանոցը եւ «Կեզի» այգին:








All the contents on this site are copyrighted ©.