2013-06-07 11:48:41

Էրտողան Դարձեալ Ահաբեկիչներ Կը Տեսնէ Ցուցարարներուն Մէջ


Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի, Յունիս 6ին, Թունուզի մէջ անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ «ահաբեկիչներ կան» Թաքսիմի հրապարակին վրայ սկսած բողոքի ցոյց կատարողներուն մէջ, մինչ անոր տեղակալը կը փորձէր նման յայտարարութիւններու ստեղծած զայրոյթը զսպել:
Թուրքիոյ գլխաւոր սակարանը Հինգշաբթի օր 4.9 տոկոսի անկում մը եւս կրեց՝ այս շաբթուան անկումին համեմատութիւնը 13 տոկոսի հասցնելով: Հինգշաբթի օրուան այս նահանջը կարգ մը քաղաքական մեկնաբաններ վերագրեցին Էրտողանի վերոյիշեալ յայտարարութեան, որ կրնայ հրահրել վերջին քանի մը օրերուն մասնակիօրէն մեղմացած ցուցարարներու զայրոյթը:
Չորեքշաբթի օր, ցոյցերը հասան նաեւ Ռիզէ, ուր իրենք զիրենք «Թուրքիոյ երիտասարդական միութիւն» կոչած խմբակի մը մօտաւորապէս երեսուն անդամները քաղաքապետութեան զբօսայգիին մէջ փորձեցին ցոյց կատարել՝ զօրակցելու համար Թաքսիմի բողոքարկուներուն։ Բայց անոնք իրենց դիմաց գտան մօտաւորապէս 25 հոգիէ բաղկացած իշխանամէտ խմբակ մը ու կարճ ժամանակի մէջ ցոյցը կազմակերպողներուն դէմ բողոքողներու թիւը բարձրացաւ 500ի։ Ստեղծուած պայթուցիկ մթնոլորտը խաղաղեցաւ՝ շնորհիւ քաղաքապետին միջամտութեան։
Հինգշաբթի օր զանազան քաղաքներու մէջ ցոյցերը շարունակուեցան։ Երկիրը կը գտնուի շատ վտանգաւոր կացութեան մը մէջ եւ շատերը կը վախնան, որ բնութիւնը պահպանելու նպատակով սկսած շարժումը կրնայ հակակշիռէ դուրս գալ: Շարժումը նաեւ դարձած է իշխող կուսակցութեան դէմ բողոքի ու ապստամբութեան շարժում մը՝ գլխաւորութեամբ Էրտողանի կամ իշխող կուսակցութեան ընդդիմադիրներուն:
Իր կարգին, Էրտողան կը պնդէ, թէ, որպէսզի կացութիւնը աւելի չվատթարանայ, դժուարաւ կը զսպէ երկրին 50 տոկոսը ներկայացնող ժողովուրդը, որ կանգնած է իր ու իշխող կուսակցութեան կողքին:
Թուրքիոյ մէջ տարածուած են լուրեր, ըստ որոնց՝ Էրտողանի կողմնակիցներու մեծ բազմութիւն մը, իբրեւ բողոք Թաքսիմի վրայ խնդիր ստեղծողներուն դէմ՝ մեծ շուքով պիտի դիմաւորեն Էրտողանը։ Նման դիմաւորում մը կրնայ լուրջ հետեւանքներ ունենալ, եւ այս մտահոգութենէն մեկնած՝ փոխվարչապետ Հիւսէյն Չելիք հերքեց վերի լուրը եւ ըսաւ, որ վարչապետը պէտք չունի նմանօրինակ ուժի ցուցադրութեան մը, նաեւ ժողովուրդին յանձնարարեց, որ հեռու մնայ նման շարժումէ մը։
Վերջապէս, «Զաման» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը Անգարայի մէջ Շայեան Շամլու անունով իրանցի մը ձերբակալած է այն կասկածով, որ ան Անգարայի ցոյցերուն արձանագրուած քանի մը բռնարարքներու ընթացքին գրգռիչ դերակատարութիւն ունեցած է: Ոստիկանութիւնը կը կասկածի, որ Շամլու իրանեան գաղտնի սպասարկութեան հետ կապեր ունի: Ոստիկանութիւնը Թուրքիոյ վերջին իրադարձութեանց կապակցութեամբ երկրին տարածքին ձերբակալած է 15 օտարահպատակ, մեծամասնութեամբ՝ իրանցիներ:
Ըստ տարբեր աղբիւրներու՝ ցոյցերուն ընթացքին ոստիկանութեան կողմէ ուժի օգտագործման պատճառով արձանագրուած է 2 կամ 3 զոհ եւ 4177 վիրաւոր, որոնցմէ 43ին վիճակը ծանր է:








All the contents on this site are copyrighted ©.