2013-06-06 09:01:07

Շրջակայ Միջավայրի Պաշտպանութեան Համաշխարհային Օր:


Յունիս 5-ը 1972-ին ՄԱԿ-ի կողմէ ընդունուած է իբրեւ շրջակայ միջավայրի պահպանութեան միջազգային օր: Ան կը նշուի քաղաքակիրթ հասարակութիւններու մէջ տարբեր նախաձեռնութիւններու եւ քաղաքացիական ու պետական գործողութիւններու միջոցով եւ առիթ կը հանդիսանայ բնական միջավայրի հանդէպ կրկին անգամ ուշադրութիւն դարձնելու եւ բնապահպանական բնոյթի նոր համաձայնագիրներ կեանքի կոչելու համար:

Բնապահպանութեան հաւասարակշռութեան խաթարումը մարդածին բնոյթ կը կրէ. ջերմոցային կազերու արտանանետում, բնական աղբիւրներու անխնայ սպառում, անտառահատումներ, բնական տեսակներու անհետացման վտանգ. մասնագէտները չեն տիրապետեր յստակ ու ճշգրիտ կանխատեսման, թէ կլիմայի փոփոխութիւնը 100 տարի ետք երկրագունդի որ մասին ինչպիսի ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Բարդ կը դառնայ նաեւ արեգակի, ցամաքի, ջրաւազաններու եւ մթնոլորտի միջեւ փոխազդեցութիւնը: Կը տարածուին տարբեր համաճարակներ, կը նուազուին խմելու ջուրի բնական աղբիւրները: Անգամ, եթէ համաշխարհային առումով Երկրի ջերմաստիճանը բարձրանայ մէկ աստիճանով, ապա ամէն երրորդ կենսաբանական տեսակի վերացում կը սպառնայ: Բնապահպանները կ’ահազանգեն` ամէնուրեք աւելցած են ուժգին փոթորիկները, հողմամրրիկները, ջրհեղեղները, որոնք արդիւնք են ովկիանոսներու ջուրի ջերմաստիճանի բարձրացման եւ մակարդակի աւելացման, չոր եղանակներու եւ այլն:

Աղտոտուածութիւնը եւս լուրջ խնդիր է բնութեան համար: Սկսած են մեծ քանակութեամբ հալիլ սառցադաշտերը Կրինլանտի, Անտարկտիկայի եւ Հարաւային բեւեռի մէջ: Մարդկութեան համար մեծ սպառնալիք կը համարուին նաեւ երաշտները, որոնք խնդիր կը ստեղծեն աղքատ եւ զարգացող երկիրներուն: Ան կ’ուղեկցուի սովի եւ աղքատութեան տարածումով, փախստականներու հոսքի աճով եւ գիւղատնտեսական տարածքներու նուազումով: Եւ այս ամէնը ջերմոցային կազերու արտանետումներու, ածխածին վառելիքի չափէն աւելի կիրառման, չվերականգնուող բնական աղբիւրներու սպառման, անտառային գօտիներու կրճատման հետեւանք







All the contents on this site are copyrighted ©.