2013-06-06 13:10:24

Յոյն Կաթողիկէ Եպիսկոպոսներու Ժողովը Պահանջեց Քաղաքական Նեցուկ Կանգնիլ Լիբանանեան Բանակին


«Անհրաժեշտ է քաղաքական նեցուկ կանգնիլ լիբանանեան բանակին, որպէսզի իր դերը կատարէ: Իսկ Սահմանադրական խորհուրդը զուտ գիտական ոճով պիտի վարուի խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգման հարցին հետ, յայտարարեց յոյն կաթողիկէ եպիսկոպոսներու ժողովը երէկ` ցաւ յայտնելով, որ պատկան կողմերը չկրցան ընտրական օրէնքի մը յանգիլ:
Ժողովականները լիբանանեան կողմերէն պահանջեցին խուսափիլ Սուրիոյ մէջ պատերազմին միջամուխ ըլլալէ, որպէսզի անոր հետեւանքները չերկարին մինչեւ Լիբանան: Անոնք նաեւ պետութենէն պահանջեցին հոգ տանիլ երկրի ապրուստի պայմաններուն, որոնք հետզհետէ կը ծանրանան քաղաքացիներուն ուսերուն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.