Այս տարին հայ մշակութային կեանքը կը նշանաւորուի Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակով:
Յունիս 6-ին` Արամ Խաչատրեանի ծննդեան օրը, Երեւանի մէջ կը մեկնարկէ երաժշտահանին անունը
կրող 9-րդ միջազգային մրցոյթը, նոյն օրը նաեւ տեղի պիտի ունենայ խաչատրեանական տարուան
հանդիսաւոր բացումը: «Այս օրն ամբողջ քաղաքը ողողուած է լինելու խաչատրեանական երաժշտութեամբ,
ամբողջ քաղաքը զգալու է Խաչատրեանի երաժշտութեան շունչը եւ այն աւանդը, որ նա փոխանցել
է մեզ»,- ըստ 1in.am-ի՝ ըսած է «Արամ Խաչատրեան-մրցոյթ» մշակութային հիմնադրամի տնօրէն
Աննա Տէր-Յովակիմեանը: Ան նշած է, որ պիտի ըլլան յատուկ մրցանակներ: Ինչպէս նախորդ տարիներուն,
այս տարի եւս առաջին հանդիսացող մասնակիցը կ’արժանանայ 15 հազար, երկրորդը` 10 հազար,
երրորդը` 5 հազար տոլարին համարժէք դրամի: Իսկ այն մասնակիցը, որ պիտի անցնի եզրափակիչ
երրորդ փուլ, սակայն չ’արժանանար ոչ մէկ մրցանակի, կ’արժանանայ 2000 տոլարին համարժէք
դրամի խրախուսական մրցանակի: Ըստ աղբիւրին՝ այս պահուն արդէն 26 մասնակից յայտ ներկայացուցած
է: Տիկին Տէր-Յովակիմեան, խօսելով մրցոյթի մասնակիցներու թիւի մասին, նշած է, որ դատական
կազմին համար կարեւորը որակն է, ոչ թէ քանակը. «Ժիւրիի կազմում պատկառելի մարդիկ են,
շատ մեծ աշխարհագրութեամբ, բացմանը պատուաւոր հիւրերի ցանկում է նաեւ Արամ Խաչատրեանի
որդին, հիւրեր` տարբեր երկրներից»: