2013-06-05 12:58:45

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի Հանդիպումը Սուրիոյ Ի Նպաստ Գործող Կաթողիկէ Բարեսիրական Կազմակերպութիւններու Անդամներուն Հետ։


Չորեքշաբթի 5 յունիս 2013-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայպետը Տումուս Սանդա Մարդայի մէջ մատոյց Սուրբ Պատարագ։ Ան ապա ժամը 9,15-ին, միշտ Տոմուս Սանդա Մարդայի մէջ, ընդունեց Սուրիոյ ի նպաստ գործող Կաթողիկէ բարեսիրական հաստատութիւններու անդամները որոնք Վատիկանի մէջ կը մասնակցին համաժողովի մը գումարուած` Քահանայապետական ''Գոր Ունում - Մէկ Սիրտ'' բարեսիրական խորհուրդի նախաձեռնութեամբ եւ որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սուրիոյ մէջ առաքելական նուիրակ գերապայծառ Մարիօ Զէնարի։
Անոնց արտասանած իր ճառին մէջ Նորին սրբութիւնը նախ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց մարդասիրական գործունէութեան համար Սուրիոյ եւ շրջակայ երկիրներուն մէջ։ Սրբազան Հայրը ապա նշեց թէ ինք անձամբ քաջալերած է Գոր Ունումի Քահանայապետական խորհուրդը այս ժողովը գումարելու - եւ ընգծեց - թէ Սուրբ Աթոռի մտավախութիւնը Սուրիոյ տագնապի հանդէպ ու յատկապէս սուրիացի անմեղ ու տառապող ժողովուրդին հանդէպ ակնյայտ է բոլորին։ Պենետիկտոս ԺԶ-ը բազմիցս խնդրեց որ զէնքերու ձայնը դադրի եւ լուծում մը գտնուի երկխօսութեան ճանապարհով հաշտութիւն բանեցնելու հակադիր զինեալ ոյժերու միջեւ։ Սուրիացի ժողովուրդի ճակատագիրը իմ սրտիս ալ կը խօսի - հաստատեց ֆրանչիսկոս Պապը ու մատնանշեց ''Զատկուայ տօնի պատգամիս մէջ խնդրեցի ''խաղաղութիւն մանաւանդ սիրեցեալ սուրիոյ համար` հակամարտութեան թիրախ վիրաւոր ժողովուրդին ու բոլոր փախստականներուն համար որ օգնութեան եւ մխիթարութեան կարօտը ունին...'' Ի տես շարունակական բռնութիւններուն կը նորոգեմ խաղաղութեան ի սպաս իմ կոչըս - ըսաւ Սրբազան Հայրը - նշելով թէ ինչպէս վերջին շաբաթներուն միջազգային հասարակութիւնը կը փորձէ դրական քայլեր առնել պտղաբեր երկխօսութիւն հաստատելու դիտմամբ եւ պատերազմին վերջ դնելու։
Եկեղեցին կանչուած է Քրիստոսէն, բարի սամարացիէն սորված իր խոնարհ, դրական եւ արդիւնաբեր սիրոյ վկայութիւնը տալու։ Հոն ուր կայ տառապանք` Քրիստոս ներկայ է։ Ձեր մարդասիրական գործունէութեան կից, ի նպաստ անմեղ ժողովուրդին, միջազգային հասարակութենէն կը խնդրեմ, բացի պատերազմին լուծում մը գտնելէն, մարդասիրական օժանդակութիւն մատուցուի սուրիացի գաղթականներուն առաջնահերթ շարքին դնելով մարդու բարիքը ու անոր արժանաւորութիւնը։ Սուրբ Աթոռին համար սուրիացի բնակչութեան օգնութիւն մատուցելը, առանց կրօնի կամ ցեղային խտրականութեան, ուղիղ միջոց մըն է նպաստելու խաղաղութեան եւ բազմազան ընկերութեան մը կառուցումին։ Այս է սուրբ Աթոռի կէտնպատակը` կառուցել Սուրիոյ համար խաղաղ ապագայ մը ուր բոլորը կարենան ազատօրէն ապրիլ եւ արտայայտուիլ իրենց առանձնայատկութիւններով։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց ըսելով ''Եկեղեցին նեցուկ կը կանգնի բոլոր իր անդամներուն որոնք այսօր դժուարութեան մէջ են։ Անոնք պարտականութիւնը ունին Քրիստոնէութիւնը պահպանելու այն վայրերուն մէջ ուր սկիզբ առած էր։ Իսկ մեր պարտականութիւնն է այս վկայութեան թիկունք կանգնելու։ Համայն քրիստոնեայ հասարակութեան մասնակցութիւնը այս աջակցութեան եւ օժանդակութեան, ներկայ կացութեան մէջ կարեւոր հրամայական մըն է ։

Ամէնքս մտածենք Սուրիոյ որքան աղքատութիւն, որքան տառապանք։ Յիսուսն է որ կը տառապի, որ աղքատ է եւ վտարուած իր հայրենիքէն։ Սիրեցեալ Սուրիացի բնակչութեան մէջ տեսնենք տաառապող Յիսուսը ըսաւ Սրբազան Հաղրը ու ապա տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.