2013-06-05 12:58:53

Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահը Պաշտօնական Այցելութիւն Կը Կատարէ Սրբազան Քահանայապետին` Պետական Այցելութիւն Եւ Ճառերու Փոխանակում։


Վերջերս վերընտրուած Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահ` տիար Ճորճօ Նափոլեթանօ, յառաջիկայ 8 յուլիսին պետական այցելութիւն կը կատարէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, կը հաղորդագրէ Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակը։
Պետական այցելութեան արարողութիւնը կը նախատեսէ նախ, ընդունելութիւն Սան Տամազօ բակին մէջ, ուր կը հնչուին Վատիկանի եւ Իտալիոյ քայլերգները, ապա առանձնական հանդիպում ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հետ, որուն աւարտին տեղի կ'ունենան ճառերու փոխանակում։
Իտալիոյ նախագահը ապա այցելութիւն կը կատարէ Ս. Աթոռի պետական քարտուղարի եւ հուսկ կ'ողջունէ Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմինը։ Պետական այցելութիւնը կ'եզրափակուի ս. Պետրոս տաճարի այցելութեամբ պահ մը կանգ առնելով ս. Պետրոսի գերերզմանին առջեւ։ Այցելութեան աւարտին զուիցերական պահակագունդի ջոկատը կ'ողջունէ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահը։
Նշենք որ նախագահ Ճորճօ Նափոլեթանոն 20 նոյեմբեր 2006-ին պետական այցելութիւն կատարած էր Վատիկան, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին օրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.