2013-06-05 12:22:34

Թաքսիմ Հրապարակի Հայկական Գերեզմանատունը


Հայկական աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Թաքսիմի հանրապարտէզին շրջակայքը, որ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդային ապստամբութեան եւ խռովութիւններու մեկնակէտը հանդիսացաւ, ժամանակին իր մէջ կը ներառնէր նաեւ հայկական հսկայ Ս. Յակոբ գերեզմանատունը։
Պատմական տուեալներու համաձայն՝ ԺԶ. դարուն, Սուլթան Սիւլէյման այդ տարածքը շնորհած էր հայերուն, որպէս վարձատրութիւն հայ խոհարար Մանուկ Քարասէֆէրեանի կողմէ իր կեանքի փրկութեան դիմաց խոհարարը մերժած էր թշնամիին դաւին մեղսակից դառնալ եւ թունաւորել իր սուլթանը։ Ուրեմն, այդ հողերը մօտաւորապէս չորս դար հայերու պատկանելէ եւ որպէս հայկական գերեզմանատուն ծառայելէ ետք, 1930ականներու վերջաւորութեան գրաւուած են պետութեան կողմէ եւ ամբողջութեամբ քանդուած։ Հոն կառուցուած է նոր թաղ մը՝ շէնքերով եւ խնդրայարոյց «Կեզի հանրապարտէզով։
Միւս կողմէ՝ կայ հետաքրքրական այլ պնդում մը եւս։ Կ՛ըսուի, որ Ս. Յակոբ գերեզմանատան մէջ, 1919ին կանգնած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձան մը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր համաշխարհային առումով։ Այդ տարին, այդ նպատակով կազմուած է յանձնաժողով մը եւ մշակուած է ոգեկոչումներու ծրագիր մը։ Թէոդիկ եւս մաս կը կազմէր այդ յանձնաժողովին։ Կ՛ըսուի նաեւ, որ Թէոդիկի «Յուշարձան Ապրիլ Տասնմէկի հատորի կողքին վրայ զետեղուած նկարը կը պատկանի նշեալ յուշարձանին, բայց այս մասին կը պակսին ստոյգ տուեալներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.