2013-06-05 11:52:45

Երուսաղէմի Հայոց Ընտրեալ Պատրիարքի Գահակալութեան Արարողութիւն


Երեքշաբթի, 4 յունիսին տեղի ունեցաւ Երուսաղէմի հայոց ընտրեալ պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանին գահակալութիւնը, Սրբոց Յակոբեանց մայրավանքին մէջ, Երուսաղէմ:
Ներկայ գտնուեցան կղերական ներկայացուցիչներ Էջմիածնի Ամենայն հայոց կաթողիկոսութեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան կողմէ մինչ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութիւնը ներկայացուցին Արհ. Ռաֆայել Արք. Մինասեան` Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւորոպայի առաջնորդ ու Գերապ. Յովսէփ Քելեքեան Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Էկզարկ :
Այս առիթով մատուցուած գահակալութեան արարողութեան ընթացքին յանուն Երուսաղէմի միաբանութեան ուղերձ կարդաց լուսարարապետ Սեւան արք. Ղարիպեան, որ այնուհետեւ պատրիարքական ասան յանձնեց նորընտիր պատրիարքին, որ ծնրադիր կատարեց իր ուխտը:
Ողջոյնի եւ օրհնութեան յատուկ գիրերերու` ընթերցումներէն ետք Նուրհան արք. Մանուկեան պատրիարքը բարձրացաւ Ս. Յակոբ առաքեալին աթոռը, իսկ ներկայ բոլոր հոգեւորականները համբուրեցին Սուրբ Յակոբայ աթոռոյ 97-րդ գահակալ Նուրհան պատրիարքին աջը:








All the contents on this site are copyrighted ©.