2013-06-04 14:56:44

Հարցազրոյց - Հանդիպում


Տանն Կիլիկիոյ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը կ՛անդրադառնայ երկուշաբթի 3 յունիսին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հետ ունեցած անդրանիկ հանդիպումի մասին։
RealAudioMP3

Պ. Իմ անդրանիկ հանդիպումս էր Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ: Հանդիպումը սիրալիր մթնոլորտին մէջ ընթացաւ եւ Սրբազան Պապը ինծի հարցումներ ուղղեց իմ անձիս մասին, որմէ ետք բացատրեցի Սրբազան Հօր Հայ ազգին եւ պատմութեան վիճակը եւ թէ ինչպէս ան եղաւ առաջին ազգը որ որդեգրեց պաշտօնապէս քրիստոնեայ կրօնքը որպէս պետական կրօնք: Աւելցուցի նաեւ որ հաւատքը անաղարտ պահելու համար, հայ ժողովուրդը, առաջնորդութեամբ իր թագաւորներուն եւ իր Հայրապետներուն, շարունակաբար պայքարեցաւ, այդ աստիճան որ կարելի է վերագրել քրիստոնեայ հաւատքի պահպանումը Հայոց պատմութեան փառաւոր դիւցազներգութիւն մը եղած է, եւ իրեն նուիրեցի այս ուղղութեամբ ուսումնասիրութիւնս որ ներկայացուցած էի անցեալ Հոկտեմբերին, վատիկանի մէջ կայացած Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսին ընթացքին:
Անկէ ետք Սրպ. Հայրը կարդաց իրեն ուղղուած նամակս, որուն մէջ 3 խնդրանքներ ներկայացուցած էի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ: Առաջին Խնդրանքս էր, որ Սրբազան Հայրը նախագահէ Ս. Պետրոս Պազելիքային մէջ հայածէս Ս. Պատարագին 2015-ի Ապրիլին:
Երկրորդ խնդրանքս էր, որ Սրբ. Պապը սոյն առիթով Առաքելական Յորդոր մը հրապարակէ դատապարտելով Ցեղասպանութեան ոճիրը եւ վեր առնելով մէկուկէս միլիոն հայերուն վկայութիւնը, իրենց կեանքին գինով, Յիսուսին եւ Ս. Աւետարանին:
Երրորդ խնդրանքս եղաւ, որ վատիկանի նամակատունը հրատարակէ շարք մը դրոշմաթուղթեր Ցեղասպանութեան 100-ամեակի յիշատակին:
Ուշի ուշով կարդալէ ետք նամակս, երեսիս նայեցաւ եւ մատիտ առնելով նշանակեց վերոնշեալ 3 խնդրանքներս ի նշան իր հաւանութեան եւ աւելցուց՝ Ցեղասպանութիւնը տմարդի գործ մըն է: Եւ շարունակեց ըսելով. «Ես լաւ յարաբերութիւն ունէի թէ Հայ Կաթողիկէ եւ թէ Հայ Առաքելական երկու առաջնորդներուն հետ, Պուէնոս Այրես, եւ ընդունած եմ նաեւ երկու Վեհափառները՝ Գարեգին Ա. եւ Գարեգին Բ.ը իրենց այցելութեան ընթացքին Արժանթին: Եւ միշտ պաշտպանած եմ Հայ ժողովուրդին դատը այս առընչութեամբ:
Անկէ ետք, խօսեցայ Սրբ. Հօր հետ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մասին եւ թէ ո՜րքան դժուարութիւններ կը գտնենք հասնելու համար մեր ժողովուրդին հովուական հոգատարութեան համար՝ քահանաներուն անբաւարար թիւին պատճառով:
Պատասխանեց ըսելով թէ՝ ան շատ կարեւորութիւն կ'ընծայէ կոչումներու հարցին: Աւելցուցի որ մեր Հալէպի ընծայարանը դժբախտաբար գոց է մէկ տարիէ ի վեր՝ Սուրիոյ անկայուն եւ խռովք կացութեան պատճառով:
Ուրիշ նիւթին անցնելով, պատմեցի Սրբազան Հօր, որ մեծ ուշադրութեամբ մտիկ կ'ընէր ինծի, թէ Նոր Աւետարանումի եւ Հաւատքի Տարուայ առիթով Պէյրութի մեր ժողովրդապետութիւններուն մէջ 10 դասախօսութեան շարք մը աւարտեցինք ամիս մը առաջ հաւատքի նիւթին մասին, եւ թէ մօտօրէն պիտի սկսինք հրամցնել մեր հաւատացեալներուն ուրիշ շարք մը 10 դասախօսութիւններ, որ կեդրոնացած պիտի ըլլան մեր մարտիրոսներուն եւ խոստովանողներուն վրայ, որուն պիտի հետեւի երրորդ շարք մը 10 դասախօսութիւններուն՝ յատկացուած մեր Սուրբ Հայրերուն մասին: Փակեցի սոյն նիւթը ըսելով, որ կը մտադրեմ լաւ պատրաստել աշխարհական հաւատացեալներէն խումբ մը իբր քարոզիչներ եւ քրիստոնէականի դասատուներ: Ան պատասխանեց ըսելով, որ ասիկա լաւ ծրագիր մըն է եւ թէ զայն մեծապէս կը քաջալերէ:
Համայնքը յուզող ուրիշ նիւթերուն անցայ եւ զանազան առաջարկներ կատարեցի ի նպաստ Արեւելեան Եկեղեցիներուն եւ խօսքս փակեցի ըսելով, որ զինք շատ կը սիրենք եւ թէ անձնապէս մօտէն կը հետեւիմ իր ամենօրեայ քարոզներուն, որոնց մէջ հոգեւոր սնունդ կը գտնեմ: Ան յիշեց իմ այցելութիւնս որ իրեն տուած էի 2005-ին Պուէնոս Այրըս իմ Հայրապետական այցելութեանս առիթով:
Այս երկար եւ հոգեշահ զրոյցէն ետք, Սրբ. Պապը ընդունեց ինծի ընկերակցող պատուիրակութեան անդամները եւ ամէն մէկուն նուէր մը բաշխեց: Մենք ալ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ անունով մեծադիր պրոնզէ խաչելութիւն մը նուիրեցինք Սրբ. Պապին՝ գործ Րաֆֆի Թոգաթլեանի գանդակագործին:
Վերջ գտաւ այս պատմական ունկնդրութիւնը յիշատակի լուսանկարներով, որոնց ամէն մասնակցող անձ մեծ կարեւորութիւն տուաւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.