2013-06-04 14:59:36

Հայկական Ժայռապատկերները Կը Ներկայացուին՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕին


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Գերմանացի խումբ մը ուսումնասիրողներ պիտի աջակցին հայկական կողմին՝ հայկական ժայռապատկերները ԵՈՒՆԵՍՔՕի ցանկին մէջ ներառելու նպատակով ի գործ դրուած աշխատանքներուն։
Այս մասին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է հայագէտ Համլէտ Մարտիրոսեանը: Անոր համաձայն, ԵՈՒՆԵՍՔՕի ցանկին մաս կազմելը անկիւնադարձային պիտի ըլլայ հայ մշակոյթին համար. Սիւնիքի ժայռապատկերները ունին կարեւոր առանձնայատկութիւններ, որոնցմով օժտուած չեն աշխարհի միւս երկիրներու ժայռապատկերները: «Մեր ժայռապատկերներում կան բազմաթիւ վերացական նշաններ, որոնց ուսումնասիրութիւնները ցոյց են տալիս, որ դրանք գաղափարագրեր են», յայտնած է ան։
Խօսելով ժայռապատկերներու պահպանութեան խնդիրներուն մասին՝ մասնագէտը նշած է, որ անոնք ընդհանուր առմամբ կը պահպանուին, եթէ մարդիկ իրենց անունները չփորագրեն անոնց վրայ։ «Ժայռապատկերների մասին յօդուածներն ու գրքերն արդէն թարգմանւում են անգլերէն», դիտել տուած է ան։
Անդրադառնալով յառաջիկայ ծրագիրներուն՝ բանախօսը նշած է, որ շուտով լոյս պիտի տեսնէ «Եդեմի Իծագիր արխիւը» գիրքը, ուր պիտի ներկայացուին թուագրման մեթոտները, մօտ տասնեակ նշանագիրներու ընթերցումներ:
Սիւնիքի ժայռապատկերները ունին 14-15 հազար տարուան հնութեան, ինչ որ կը նշանակէ, թէ անոնք հին քարեդարեայ են:








All the contents on this site are copyrighted ©.