2013-06-04 13:57:28

Լիբանան։ Պապ Թըպպանէի Եւ Ժապալ Մըհսենի Միջեւ Բախումներ


Պապ Թըպպանէի եւ Ժապալ Մըհսենի միջեւ երէկ զինեալ բախումները շարունակուեցան` հնձելով 6 զոհեր եւ վիրաւորելով աւելի քան 30 ուրիշներ:
Մալլուլէի մօտակայքը ներքին ապահովութեան ուժերու երկու զինուորներ` Շարպել Մատի եւ Էլի Սլէյման եւս թիրախ դարձան արձակազինութեան եւ վիրաւորուելով փոխադրուեցան հիւանդանոց. անոնցմէ մէկը ծանրօրէն վիրաւորուած է:
Բանակին շարքերուն մէջ դարձեալ արձանագրուեցան վիրաւորներ:
Երեկոյեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտնեց, որ բանակի 5 այլ անդամներ եւս վիրաւորուած են Ապու Ալի հրապարակին վրայ, երբ նռնականետ մը թիրախ դարձուցած է անոնց մօտ գտնուող ինքնաշարժ մը:
Բանակը, որ ամբողջ օրուան ընթացքին կը փորձէր հանդարտեցնել երկու կողմերը, երեկոյեան սկսաւ ուղղակի թիրախ դարձնել զանոնք:
Զինեալ բախումները հիմնականին մէջ կեդրոնացան Թըպպանէի, Մալլուլէի, Մանքուպինի, Զահիրիէի, Ռիվայի եւ Պաքքարի շրջաններուն մէջ:
Պապ Թըպպանէի բնակիչ զինեալներ ձեռնառումբեր նետեցին այն վաճառատուներուն վրայ, որոնց սեփականատէրերը Ժապալ Մըհսենի բնակիչներ են:
Ի բացառութիւն նախկին իրավիճակին, քաղաքական ոչ մէկ նախաձեռնութիւն արձանագրուեցաւ Թրիփոլիի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.