Իրանի ապահովութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալուած է «ահաբեկչական ցանց
մը, որ ծրագրած էր Յունիս 14-ին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընթացքին խափանարարական
արարքներ կատարել»: Նախարարութիւնը արաբական երկիրներ ամբաստանեց «ցանցին ետին կանգնելու»
յանցանքով:Այս մասին կը յայտնեն արաբական լրատուամիջոցները։ Նախարարութեան հրապարակած
հաղորդագրութիւնը յայտնեց, որ «ապահովական մարմինները յաջողեցան ցանցին վերաբերեալ ապահովական
ճշգրիտ եւ ամբողջական տեղեկութիւններ հաւաքել եւ թակարդ լարելէ ետք յաջողեցան ցանցին
բոլոր անդամները ձերբակալել»` աւելցնելով, որ ցանցին ղեկավարը քանի մը տարի առաջ զինուորագրուած
էր «արաբական մեծագոյն գործակալ եւ յետադիմական նկատուող պետութեան մը գաղտնի սպասարկութեան
կողմէ»: «Նշեալ գործակալը Իսրայէլի մէջ գաղտնի սպասարկական ու զինուորական մարզումի
ենթարկուած է եւ Իրանի մէջ գործադրելու համար իրեն վստահուած գաղտնի սպասարկական առաքելութեան
ցանկ մը ստանձնած է», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: