Արաբական «հոգին» կը տեղափոխուի Թուրքիա: Այս մասին կը հաղորդէ panorama.am-ը՝ վկայակոչելով
«The Jerusalem Post» պարբերականը: Արդեօ՞ք արաբական գարունը ճանապարհ բացած է Թուրքիոյ
համար: Թուրքերը, կարծես, արաբական ժողովուրդի ներկայացումէն հատուած մը կը կրկնօրինակեն,
որպէսզի քաղաքական փոփոխութիւն իրականացնեն: «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան
առաջնորդ, վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան իր բնոյթին համապատասխան կը խաղայ` կ’անտեսէ
ճնշումները եւ կը խոստանայ շարունակել կառուցողական աշխատանքները: «Մենք ասիկա կրնանք
անուանել «Թրքական գարնան» սկիզբ»,- նշած է Ուաշինկթընի մէջ «American Enterprise» հիմնարկի
գիտաշխատող Մայքըլ Ռուպինը: «Ասիկա լուրջ հարուած է Էրտողանի կառավարութեան: Թուրքիոյ
ընկերային կայունութիւնը փշրուած է»,- նշած է «Heritage Foundation» հիմնադրամի աւագ
գիտաշխատող Արիէլ Քոհենը: Քոհեն կը հաւատայ, որ աշխարհիկներու եւ իսլամականներու միջեւ
բեւեռացումը պիտի աւելնայ, եւ «ապագային աւելի շատ բռնութիւններ տեղի պիտի ունենան»: