2013-06-03 08:35:05

Գ. Կիրակի Յիսնակաց
Ղուկ 13, 1-9


RealAudioMP3 «Կ՛ըսեմ ձեզի եթէ չապաշխարէք` բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»
Յիսուս այս խօսքը արտասանելէ անմիջապէս ետք, կը պատմէ անպտուղ թզենիին առակը, որպէսզի ցոյց տայ որ իւրաքանչիւր մարդ արարած թզենի մըն է որ պարտի պտուղ բերել: Սոյն առակով` մեր Տէրը կ՛ուզէ մեզի ցոյց տալ իր Հօր Աստուծոյ մեծ համբերութիւնն ու երկայնամտութիւնը:
Այն Տէրը, որ իր այգիին մէջ թզենի մը տնկած էր` նոյն ինքն Աստուած է, թզենին ալ հրեայ ժողովուրդն է: Երեք տարիները կը ներկայացնեն այն ժամանակամիջոցը, որուն ընթացքին Տէրը այնքան բարիք ըրաւ Իսրայէլի ժողովուրդին, հոգ տարաւ անոր` սպասելով որ ան դարձի գայ, ճշմարիտ Աստուածը պաշտէ, Աստուծոյ օրէնքներուն ուղիէն քալէ, յաւիտենական փրկութեան պտուղներ արտադրէ, սակայն, ըստ Աստուածաշունչի, ան միշտ Աստուծոյ դէմ ապստամբեցաւ, զայն մոռցաւ, եւ ապերախտութեամբ վարուեցաւ: Կան մեկնիչներ որոնք կ՛ըսեն թէ «Երեք տարի» բացատրութիւնը ակնարկութիւն է մարդուն կեանքի գլխաւոր երեք հանգրուաններուն` մանկութեան, երիտասարդութեան եւ ծերութեան: Աստուած մարդուն փրկութիւնը կը հետապնդէ իր մանկութենէն սկսեալ մինչեւ անոր ծերութիւնը եւ վերջին շուչը: Որով Աստուած վերջ ի վերջոյ վճռեց պատժել ապերախտ իր ժողովուրդին, բայց այգեգործը միջամտեց եւ խնդրեց որ տարի մըն ալ համբերէ: Այս այգեպանը նոյնիքն Քրիստոսն է, որ աշխարհ եկաւ մարդկութիւնը փրկելու համար: Վերջին փորձ մը կատարեց իր վսեմ վարդապետութեամբը, սքանչելի օրինակներովը, գործած բազմաթիւ հրաշքներովը` հրեայ ժողովուրդը զգաստութեան բերելու համար, սակայն ի դերեւ ելան իր բոլոր ջանքերը:
Այգեգործին խնդրած տարին` կը ներկայացնէ այն 40 տարիները, զորս բոլորուեցան Յիսուսի մահէն մինչեւ Երուսաղէմ քաղաքի կործանումը: Աստուած հարուածեց իր ժողովուրդը, պատժեց զայն` թոյլ տալով որ հռոմէացիները 70 թուականներուն գրաւեն Երուսաղէմը եւ զայն հիմնայատակ կործանեն տաճարին հետ միասին` բազմահազար զոհեր պատճառելով եւ քար քարի վրայ չձգելով, ինչպէս Քրիստոս նախապէս ըսած էր:
Իւրաքանչիւր պտղատու ծառ հարկ է որ իր ատենին պտուղ տայ, ապա թէ ոչ ուրիշ բանի չի ծառայեր եթէ ոչ կտրուելու եւ կրակի մէջ նետուելու: Թէեւ Աստուծոյ համբերատարութեան մասին կը կարդանք առակին մէջ, բայց առակը միաժամանակ կը պարզէ որ Աստուծոյ համբերութիւնը չափ ու սահման ունի:
Իւրաքանչիւր մարդ երկրի վրայ կը նմանի աւետարանի թզենիին: Աստուած մեզմէ բարեգործութիւններ կը սպասէ եւ իրաւամբ կը պահանջէ ասիկայ: Աստուած անսահման համբերութեամբ կը սպասէ մեր անձնական դարձին, վերանորոգումին: Առ այդ ամէն միջոց ի գործ կը դնէ մեզ ապաշխարութեան մղելու համար: Աստուած մարդոց սիրտը կը փորէ փորձութիւններուն, նեղութիւններու, հիւանդութիւններու եւ այլ տեսակի պատահարներու միջոցաւ: Յաճախ փորձութիւնները չե՞ն որ մարդիկը դարձի կը բերեն Աստուծոյ:
Յիսուսի ծննդեան տօնին պատրաստութեան լաւագոյն կերպը ապաշխարելն է, զղջալը մեր գործած մեղքերուն վրայ, զգուշանալ ամէն մեղքէ եւ հաւատարմաբար կատարել Աստուծոյ սուրբ կամքը եւ Անոր պատուիրանները:
Մեղանչելը շատ վատ բան է, բայց մեղքին վրայ լալը եւ ողբալը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ: Յիսուսի ըսածին համաձայն` երկնքի մէջ աւելի մեծ ուրախութիւն պիտի ըլլայ մեղաւորի մը դարձին համար` քան թէ 99 արդարներուն համար:
Մաքուր եւ ամբասիր կեանք վարելու համար, Աստուած մեր տրամադրութեան տակ դրած է մեծ միջոց մը` ապաշխարութեան սուրբ խորհուրդը, խոստովանանքը: Օգտուինք ուրեմն Աստուծոյ մեզի ընծայած շնորհքի այս աղբիւրէն, յարդարենք, մաքրագործենք մեր հոգիները` Աստուծոյ սիրոյն մէջ ապրելու համար հոս` երկրի վրայ եւ անդի աշխարհի մէջ:
Աստուծոյ համբերութիւնը չհատնած, եկէք օգտուինք այգեպանին կողմէ, քրիստոսի կողմէ մեզի ընծայած շնորհքներէն ու առիթներէն, որպէսզի զուր տեղ չվատնենք զանոնք, եւ իրեն յայնձուինք խնամքի կարօտ եղող ծառի մը նման ըսելով. «Ով Տէր իմ, Յիսուս, ես քաջ գիտեմ թէ դուն որքան խնամք տարիր հոգւոյս ծառին, սակայն ես մինչեւ հիմայ չի տուի այն պտուղները, զորս ինձմէ կը սպասէիր: Ըրէ` որ այսուհետեւ անպտուղ ծառ մը չըլլամ այգիիդ մէջ»: ամէն:










All the contents on this site are copyrighted ©.