«Ժընեւ-2»-ը Կրնայ Տեղի Ունենալ Յունիսին» Կ՛ըսէ Ֆապիւս
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս «Էօրոփ 1» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի
մը ընթացքին յայտնեց, որ «ըստ իս, «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը վերջին առիթն է եւ կը մաղթեմ,
որ տեղի ունենայ»: Ֆապիւս ըսաւ, որ ժամանակը «շատ կարճ է», որպէսզի խորհրդաժողովը
այս ամիս տեղի ունենայ, ուստի ժողովը կրնայ գումարուիլ յուլիսին: Ֆրանսական դիւանագիտութեան
պետը նշեց, որ սուրիական «ընդդիմութիւնը պէտք է իր ներկայացուցիչները ընտրէ, ինչ որ որոշ
ժամանակ կը տեւէ, եւ պէտք է օրակարգին շուրջ համաձայնութիւն գոյացնենք(…) եւ աշխատանք
կը տանինք անոր գումարման համար(…) եւ պէտք է անոր պատրաստուինք»: Ֆապիւս վերահաստատեց
«Ժընեւ-2»-ին Իրանի մասնակցութեան նկատմամբ Ֆրանսայի վերապահութիւնը` յայտնելով, որ «իրանցիները
լուծումի գոյացման չեն զօրակցիր, անոնք խաղաղութեան դէմ են»: Սուրիոյ արտաքին գործոց
նախարար Ուալիտ Մոալլեմ երէկ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ ունեցաւ հեռաձայնային
հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ Քուսէյրի մէջ տիրող կացութիւնը: Մոալլեմ
յայտնեց, որ Դամասկոս նախանձախնդիր է «իր քաղաքացիներուն ապահովութեան եւ կայունութեան»
նկատմամբ` նշելով, որ «այն, ինչ որ Սուրիոյ բանակը կը կատարէ, այդ քաղաքացիները ձերբազատելն
է ահաբեկչական զինեալ խմբաւորումներու սարսափէն եւ Քուսէյր քաղաքին ու անոր մերձակայքին
մէջ ապահովութեան եւ կայունութեան վերականգնումը»: Սուրիական դիւանագիտութեան պետը
զարմանք յայտնեց Քուսէյրի կացութեան շուրջ բարձրացող ձայներուն առնչութեամբ` նշելով,
որ «այդ մտահոգութիւնը չէինք լսեր, երբ ահաբեկիչները քաղաքն ու անոր մերձակայքը գրաւեցին
եւ 18 ամիս շարունակ քաղաքացիներուն դէմ ամէնէն ահաւոր ոճիրները գործեցին»: Մոալլեմ
նշեց, որ «սուրիական առնչակից մարմինները կարմիր խաչին, համագործակցաբար կարմիր մահիկին
հետ, պիտի արտօնեն շրջան մուտք գործել անմիջապէս որ այդտեղ ընթացող զինուորական գործողութիւնները
վերջ գտնեն»: Ֆրանչիսկոս պապը Սուրիոյ մէջ պատանդներ պահողներուն անմիջական կոչ ուղղեց`
«մարդկային» վերաբերմունք ցոյց տալով ազատ արձակելու պատանդները: Ան միեւնոյն ժամանակ
ցաւ յայտնեց երկու տարիէ ի վեր շարունակուող տագնապին համար: