2013-06-02 11:12:45

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Կը Գլխաւորէ ''Սուրբ Հաղորդութեան Հանդիսաւոր Համաշխարհային Պաշտամունքի'' Արարողութիւնը։


Կիրակի 2 յունիսի յետ միջօրէին, Հռոմի ժամով 17-18, աշխարհի վրայ տարածուած աթոռանիստ եկեղեցիներ ու հազարաւոր այլ աղօթատեղիներ ժամադրուած են, Յիսուսի Մարմնոյ եւ Արեան Տօնին առթիւ, միանգամայն ու միասնաբար կատարելու ''Սուրբ Հաղորդութեան'' պաշտամունքը մինչ ֆրանչիսկոս Պապը սուրբ Պետրոսի մէջ, նոյն ժամուն, կը գլխաւորէ վերոյիշեալ արարողութիւնը։
Պատմական բնոյթ ունեցող, Հաւատքի Տարուայ առթիւ կազմակերպուած այս արարողութեան մասին խորհրդածելով, գերապայծառ ֆիզիքելլայ` նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը, յայտնած է թէ ''այս մէկ ժամուայ ընթացքին, համայն Եկեղեցին իր հայեացքը կը կեդրոնացնէ ''էականին'' վրայ։ Ծնկադրենք ուրեմն մէկ ժամուայ համար եւ պաշտամունք կատարենք այս մեծ խորհուրդին։ Եկեղեցւոյ հաւատքի զօրութիւնը, անգամ մը եւս օգնութեան կը հասնի մեր տկարութիւններուն։''
Յայտնենք որ Յիսուսի մարմնոյ եւ արեան տօնը, ժամանակին կոչուած էր ''Աստուծոյ Տօն'' եւ առաջին անգամ կատարուցեաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրբանոս Քահանայապետի օրով 1264-ին հաստատուեցաւ որպէս համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած օր։Գիրգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585) սկիզբ առաւ տօնին առթիւ թափօր կատարելու աւանդութիւնը` հռոմի Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն մինչեւ Սանդա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա։ 1870-ին սոյն աւանդական թափօրի սովորութիւնը դադրեցաւ` եւ միայն1979-ին է որ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը զայն վերահատատեց ու մինչեւ օրըս կը շարունակուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.