2013-06-02 10:20:06

Սարկաւագի Ձեռնադրութիւն Ս. Խաչ Եկեղեցի - Զալքա


Շաբաթ 1 յունիսի երեկոյեան ժամը 5,30-ին Լիբանանի Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սարկաւագական ձեռնադրութեան արարողութիւն նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին որուն ընթացքին կիսասարկաւագ Վահէ Նահապետեանին շնորհուեցաւ Սարկաւագական Կարգ։

Այս առթիւ արտասանած իր քարոզին մէջ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ`

Արհիապատիւ Գերապայծառ Տէր
Գերապայծառ, Գերյարգելի, Գերապատիւ եւ Արժանապատիւ Հայրեր ու Յարգոյապատիւ Սարկաւագներ
Առաքինափայլ Քոյրեր, Արժանաւոր ժառանգաւորներ
Պատուարժան Նահապետեան եւ Ներսէսեան ընտանիքներու հարազատներ եւ սիրեցեալ հաւատացեալներ

Յատուկէն՝ խօսքս քեզի է Տէր Պօղոս


Հայ Եկեղեցին միշտ յարգած եւ կարեւորութիւն ընծայած է Սարկաւագութեան Կարգին։ Արդարեւ, մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին ունի մնայուն սարկաւագներ, որոնք օգտաշատ ծառայութիւններ կը մատուցանեն ժողովրդապետութիւններէն ներս։

Սարկաւագութեան Կարգը, որ քիչ առաջ փոխանցեցի Տէր Պօղոսին, իր նոր անունով, հին աւանդութիւն մըն է հաստատուած նոյնինքն Սուրբ Առաքեալներուն կողմէ։ Գործ Առաքելոց Գիրքը կը պատմէ թէ՝ երբ հաւատացեալներուն թիւը եւ անոնց կարիքները շատցան, առաքեալները անոնց ըսին. «Մեզի չի վայելեր Աստուծոյ Խօսքը ձգել եւ սեղաններուն ծառայել» (Գործ 6,2)։ Ասոր վրայ, եօթը սարկաւագներ ընտրեցին, որոնց առաջինը՝ Ստեփանոս, որ դարձաւ նախավկայ Քրիստոսի եւ Սուրբ Աւետարանին։

Սարկաւագներուն առաջին գործն էր ժամանակին՝ զբաղիլ այրիներով, օգնել աղքատներուն եւ հասարակութեան ինչքերը մատակարարել։ Յետագային, անոնց պաշտօնը դարձաւ Սուրբ Սեղանին ծառայել, Եպիսկոպոսին կամ Քահանային քով կենալ եւ անոնց օգնել, ինչպէս նաեւ Սուրբ Աւետարանը երգել արարողութիւններուն ընթացքին։ Արեւելեան Եկեղեցիներու Կանոնագիրը կը տրամադրէ որ, ժողովրդապետին խնդրանքով, Սարկաւագը կրնայ քարոզել եւ հարկաւորութեան պարագային ալ՝ մկրտութեան խորհուրդը օրինաւորապէս մատակարարել։ Կանոնագիրը կը տնօրինէ նաեւ, որ երբ պահանջը ներկայանայ, Սարկաւագը կրնայ Սուրբ Հաղորդութիւնը բաշխել հաւատացեալներուն։ Այս կարեւոր պաշտօններէն զատ, Սարկաւագը առաջին օգնականն է ժողովրդապետին՝ հովուական բոլոր գործերուն մէջ։

Սարկաւագը պարտի յատուկ կարեւորութիւն ընծայել իր հոգեւոր կեանքին: Այսպէս, ան ամէն օր ժամասացութեան աղօթքները պարտի կատարել եւ աղօթքով ու խորհրդածութիւններով Յիսուսին մտերմութիւնը փնտռել, որպէսզի Աստուծոյ շորհքը լիացնէ իր սիրտն ու հոգին: Սարկաւագը պարտի նաեւ անձնական եւ մարդկային հաշիւներէն հեռու մնալ եւ կատարել ամէն ինչ ո՛չ իր կամ մարդոց կամքին, այլ՝ միայն Աստուծոյ կամքին համեմատ։ Ան պէտք է անընդհատ կերպով զարգանայ, որպէսզի կարողանայ ուղիղ վարդապետութիւնը ժողովուրդին ուսուցանել եւ քրիստոնեայ ճշմարտութիւնները պաշտպանել թիւր գաղափարներու ու տարածուած սխալ հոսանքներու դէմ, որոնք յաճախ հաւատացեալները կը հեռացնեն Աստուծմէն եւ Սուրբ Եկեղեցիէն։

Սուրբ Պօղոսը մեծ կարեւորութիւն կ'ընծայէ Սարկաւագներուն, եւ իրենցմէ կը պահանջէ որ ըլլան. «ծանրաբարոյ, առանց երկդիմի խօսքերու, ո՛չ գինեսէր, ո՛չ անպարկեշտ շահեր փնտռող, եւ մաքուր խղճով պահեն հաւատքի խորհուրդը» (Ա. Տիմ. Գ. 8,9)։ Ըստ մեծ աստուածաբանին՝ Սուրբ Ներսէս Լամբրոնացիին, «Սարկաւագը վարդապետ է, այսինքն ուսուցիչ է եւ դաստիարակ ժողովուրդին» (Մեկն. Պատ.)։

Մեծ Հայրապետը՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալին կը վկայէ թէ Սարկաւագի «Կարգը մարդոցմէ չէ եւ ոչ ալ մարդոց միջոցաւ» (Թուղթ Ընդհ.), այլ Աստուծմէն է։ Արդարեւ, ձեռնադրութեան արարողութեան ընթացքին, քահանաները իրենց աջը դնելով նուիրեալին ուսին վրայ, եւ անկէ ետք ձեռնադրիչ Հայրապետը՝ անոր գլխուն վրայ, կը կատարեն հետեւեալ աղօթքը, որ կը սկսի սա նշանակալից խօսքերով՝ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ», նշելու համար որ տրուած Կարգը մարդկային պատիւ մը չէ, այլ աստուածային շնորհք։ Իսկ Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացին կ'ըսէ. «Յարգեցէք Սարկաւագները, ինչպէս կը յարգէք Աստուծոյ օրէնքը»։

Սարկաւագին ներկայութիւնը ժողովրդապետութեան մէջ կը ճոխացնէ հովուական գործը, որ է՝ զբաղիլ խորանի սպասարկութեամբ, դաստիարակել պատանիները, առաջնորդել աղօթքի խումբերը եւ յատկապէս՝ այցելել այրիներուն եւ աղքատներուն, հոգալ հիւանդները, եւ այլ ծառայութիւններ մատուցանել ըստ պահանջին ու ժողովրդապետի ցուցմունքներուն: Այլ խօսքով, Սարկաւագը պարտի ըլլալ իսկական առաքեալ մը, օրինակելի կենցաղով, խոնարհ վարուելակերպով, վայելուչ խօսակցութեամբ եւ հետամուտ բարի գործերու, հեռու պատիւ կամ շահ փնտռելէ։

Տէր Պօղոս Նահապետեան դամասկահայ է։ Երեսունինը տարեկանին ան Աստուծոյ ձայնը լսեց՝ նուիրուելու համար քահանայական կեանքի: Ընդառաջելով աստուածային կոչին, Վահէն, համաձայնաբար Թալինին՝ իր ազնուափայլ տիկնոջ հետ, որոշեց հրաժարիլ իր յաջող ու շահեկան գործէն եւ ընտանիքով Ամմանէն տեղափոխուիլ Պէյրութ, առաջնորդութեամբ եւ օգնութեամբ Գերպ. Ռափայէլ Մինասեանի, նախկին Երուսաղէմի եւ Ամմանի Պատրիարքական Եկզարքի: Փիլիսոփայութիւնը եւ աստուածաբանութիւնը սորվելու համար, Վահէն սկսաւ ուսման լծուիլ եւ միանգամայն գործ փնտռել իր ապրուստը ապահովելու համար, բայց ի զուր:

Կարելի է ըսել որ Յիսուս զինք յափշտակեց եւ ան չընդդիմացաւ, այլ իր կամքը դրաւ ամբողջովին Աստուծոյ տրամադրութեան տակ։ Տէր Պօղոս, իր կողակիցին քաջալերանքով, հաւատքի ներգործութիւն ըրաւ, օրինակ առնելով Սուրբ Կոյս Մարիամէն եւ կրկնելով. Ես Տիրոջ ծառան եմ, թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն (տես Ղկ. 1,38)։ Եւ ինչպէս իր «Եղիցի» խօսքէն ետք Մարիամ Յիսուսը հղացաւ, նոյնպէս ալ, Յիսուս գրաւեց Վահէի սիրտը, որ պտղաբերեց նոր մարդ մը, նոր Վահէ մը։

Տէր Պօղոս, թո՛ղ Սուրբ Հոգին սիրտդ, հոգիդ եւ իմացականութիւնդ լիացնէ իր եօթնարփեայ տուրքերովը, եւ քեզ դարձնէ անխոնջ վկայ Քրիստոսի, Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի եւ առաջին վկայի նման, որպէսզի հասնիս օր մը երանաւէտ պսակին՝ կողակիցիդ եւ զաւակներուդ հետ միասին։ Ապահով եղի՛ր, որ քու կոչմանդ շնորհքը պիտի ճառագայթէ ընտանիքիդ եւ քեզ շրջապատող հասարակութեանդ վրայ։ Մտահոգութեանդ գլխաւոր առարկան թող դառնայ բազմաթիւ կոչումներ արծարծել, որովհետեւ մեր Եկեղեցիին գոյատեւումը ու մեր աշխարհասփիւռ հաւատացեալներուն հոգատարութիւնը կախեալ են մեր կղերի քանակէն ու որակէն։ Ինչ որ քեզի կ՛ըսեմ, Տէր Պօղոս, զայն կը կրկնեմ նաեւ բոլոր ներկաներուն եւ համայն քրիստոնեայ հասարակութեան։

Թո՛ղ պայծառանայ Քրիստոսի Եկեղեցին. թո՛ղ բարգաւաճի Հայ Կաթողիկէ համայնքը՝ Դամասկոս, Ամման, Պէյրութ եւ ամենուրեք:

Թո՛ղ Հաւատքի Տարի եւ Մնայուն Աւետարանումի ոգին քեզ քաջալերեն կարդալու, խոկալու եւ աղօթելու Ս. Գիրքով, կրկնելով սաղմոսերգուի սա իմաստուն բառերը. «Քու խօսքդ իմ ոտքերուս ճրագ է եւ իմ շաւիղներուս՝ լոյս» (Սղ. 119,105)։

Թո՛ղ մեր ընտանիքներուն տուները եւ ընծայարանները փառաբանութեան օճախներ եւ աղօթքի կեդրոններ դառնան, ուր Աստուծոյ Խօսքը պատուաւոր տեղ կը գրաւէ։ Թո՛ղ բազմաթիւ ձեռնադրութիւններ ճոխացնեն մեր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին. Ամէն։









All the contents on this site are copyrighted ©.