2013-06-01 13:27:37

Ֆրանսերէնով Բարոյախօսական Առածներու Եւ Հետաքրքական Գիտելիքներու Թատերական Ներկայացում


Հինգշաբթի, 30 Մայիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մեսրոպեան վարժարանի բակին մէջ տեղի ունեցաւ ֆրանսերէն թատերական ներկայացում մը, որուն գաղափարն ու պատրաստութիւնը կը պատկանէին վարժարանի ֆրան-սերէնի ուսուցչուհի օրդ. Ռընէ Քատտումի: Ներկայացումին մասնակցեցան 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտները, որոնք բեմականացուցին բարոյախօսական առածներ եւ հետաքրքրական գիտելիքներ: Հանդիսութեան ներկայ էին կրթական պատասխանատուներ, ուսուցիչներ, ծնողներ, բարեկամներ եւ աշակերտներ:
Շուրջ մէկ ու կէս ժամուան տեւողութեան, աշակերտները ուրախ մթնոլորտի մէջ բեմական կարողութիւններու կողքին ցոյց տուին ֆրանսերէնի բանաւոր արտայայտութեան մէջ իրենց վարժողական աշխատանքներուն արդիւնքը: Անոնք նաեւ ունեցան բեմական փորձառութիւն եւ արժանացան ներկաներու քաջա-լերանքին:
Աւելի քան մէկ ու կէս ժամուան ընթացքին, աշակերտները թատրոնով, երգերով, պարերով եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ իրականացուցին ճշդուած նպա-տակը` վարժողական աշխատանք կատարել ֆրանսերէնի բանաւոր արտա-յայտութեան, բեմ բարձրանալով ձեռք ձգել բեմական փորձառութիւն եւ տարուած աշխատանքը ներկայացնել ծնողներուն եւ բարեկամներուն: Յայտնենք, որ այս տարուան նորութիւնը փոքր ներկայացումով մը 2-րդ դասարանի աշակերտներուն իւրայատուկ եւ հետաքրքրական մասնակցութիւնն էր, գլխաւորութեամբ առաջին եւ երկրորդ դասարաններու ուսուցչուհի տիկին Քաթիա Ռամատանի:
Աւարտին, խօսք առաւ Հայկաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժա-րանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ մեծապէս արժեւորեց օրդ. Քատտումի նուիրեալ գործունէութիւնը: Վարժարանի տնօրէնը հաստատեց, որ այս բեմական փորձառութիւնը լաւագոյն քննութիւնն է ապացուցելու, որ զոյգ դասարաններուն մէջ կ՛իրականանայ կրթական յստակ եւ սերտուած ծրագիր: Պրն. Կրէկուար Գալուստ անգամ մը եւս հաստատեց, որ ուսուցչուհին իր գործունէութեամբ էապէս կատարեց իր առաքելութիւնը` նպաստելով նորահաս սերունդին զարգացման աշխատանքներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.