Ռռուսական Ղեկավարութիւնը Լաւապէս Կը Գիտակցի, Որ Ասատի Վարչակարգը Ի Վերջոյ Վերջ Պիտի
Գտնէ
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք համոզում յայտնեց, որ «Սուրիոյ շուրջ դիւրին
լուծումներ գոյութիւն չունին»` թուելով «սուրիական տագնապին լուծման գծով ընտրանքներ,
ներառեալ` զինուորական լուծումը»: Պարաք բրիտանական «Տէյլի Թելեկրաֆ» օրաթերթին մէջ
լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ գրեց, որ «ներկայիս սուրիական տագնապին շուրջ յաջող որոշումի
մը լաւագոյն առիթը Ռուսիոյ ղեկավարութեամբ դիւանագիտական նախաձեռնութիւն մըն է»: Ան ըսաւ,
որ «Քրեմլին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հեռացնելու կամ առնուազն բախումները դադրեցնել
համոզելու բաւարար ազդեցութիւնը ունի»` նշելով, որ «ռուսերը անցնող չորս տասնամեակներուն
ընթացքին Ասատ ընտանիքին մօտ քաղաքական եւ զինուորական մարզերուն մէջ մեծ ներդրումներ
կատարեցին»: Պարաք յայտնեց, որ «ռուսական ղեկավարութիւնը լաւապէս կը գիտակցի, որ Ասատի
վարչակարգը ի վերջոյ վերջ պիտի գտնէ»: «Պէտք է Ռուսիան համոզել, որ ղեկավարէ Սուրիոյ
շուրջ միջազգային ջանքերը` նկատի ունենալով, որ անիկա միջազգային կարեւոր ուժ մըն է,
եւ պէտք է անոր շահերն ու տեսակէտները լրջութեամբ նկատի առնուին»: Մոսկուայի մէջ Իրանի
դեսպան Սայետ Մահմուտ Ռիտա Սաժատի յայտնեց, որ իր երկիրը մտադիր է սուրիական տագնապի
խաղաղ լուծման միջազգային ժողովին մասնակցիլ, եթէ այդ ուղղութեամբ հրաւէր մը ստանայ:
Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սաժատի ըսած է, որ «եթէ
Իրան խորհրդաժողովին մասնակցութեան հրաւէր ստանայ, ապա անկասկած պատրաստ է ազդու կերպով
մասնակցելու սուրիական տագնապի լուծման շուրջ բանակցային հոլովոյթին, սակայն մինչեւ հիմա
այդ ուղղութեամբ պաշտօնական հրաւէր մը չէ ստացած»: