2013-06-01 12:18:36

Մարեմեան Ամսուայ Եզրափակիչ Արարողութիւնը։
''Առանց Յապաղումի Մարիամի նման Յիսուսը Տանինք ուրիշներուն։'' կ՛ըսէ ֆրանչիսկոս պապը


Ուրբաթ 31 մայիսի երեկոյեան ժամը 8,30-ին Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի ունեցած Մարեմեան ամսուայ եզրափակիչ արարողութեան առթիւ կատարած իր խորհրդածութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը յորդորեց հաւատացեալները Մարիամու նման առանց յապաղումի ընդառաջ երթալ ուրիշներուն նա մանաւանդ կարիքաւորներուն, անոնց տանելով օժանդակութիւն, հասկացողութիւն, սէր ու ամենթանկ սեփականութիւնը` Յիսուսը ու Անոր աւետարանը։
Ունկնդրել, որոշել եւ գործել Մարիամի օրինակով։ Ասոնք են երեք նիւթերը որոնց մասին անդրադարձաւ ֆրանչիսկոս Պապը Սուրբ Վարդարանի ջեռմերանդական աղօթքի արարողութեան առթիւ։
Մարիամ, մարդկային, դրական եւ իրապաշտ վերբերմունքով կարողացաւ ունկնդրել, որոշել եւ գործել։ Ան ժամանակակից` ձրուած աշխարհին կը սորվեցնէ հետեւիլ Աստուծոյ կամքին։
Կեանքի ընթացքին դժուար է որոշումներ առնել ու յաճախ կը փորձուինք յետաձգել զանոնք կամ ուրիշներուն թողուլ որ որոշումներ առնեն մեր տեղ եւ յաճախ կը հետեւինք ժամանակի նորոյթներուն։ Յաճախ գիտենք թէ ինչ ընելու ենք սակայն ի գործ չենք դներ որոշումը որովհետեւ քաջութիւնը չ՛ունինք հակահոսանք ընթանալու եւՄարիամի նման յառաջ երթալու դէպի ուրիշներուն, անոնց տանելու օգնութիւն, հասկացողութիւն ու սէր իչնղէս նաեւ Մարիամի նման անոնց փոխանցելու ամէնէ թանկարժէք սեփականութիւնը՝ Յիսուս ու Անոր աւետարանը։
Սրբազան Հայրը խորհրդածութիւնը եզրափակեց աղօթք մը ուղղելով Տիրամօր. Մարիամ ունկնդրութեան, որոշումի եւ գործունէութեան Տիկին, այնպէս ըրէ որ գիտնանք ունկնդրել քու զաւկիդ Յիսուսի խօսքը` հակառակ այս աշխարհի հազարաւոր աղմկարար խօսքերուն, լուսաւորէ մեր միտքն ու սրտը որպէսզի հնազանդինք Անոր խօսքերուն եւ այնպէս ըրէ որ մեր ձեռքերն ու ոտքերը ընթանան դէպի ուրիշները, անոնց տանելու համար քու զաւկիդ գթութիւնն ու սէրը եւ Աւետարանի լոյսը։ Ամէն։
Ջեռմերանդական աղօթքի աւարտին Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատացեալներուն ''միասնական վարդարանի ջեռմերանդական այս աղօթքի համար ու Մարիամի հետ հաղորդութեան''։ Թող Ան մեզ օրհնէ ու մեզ եղբայրակից դարձնէ։ Գիշեր բարի եւ բարի հանգիստ։








All the contents on this site are copyrighted ©.