2013-06-01 12:33:22

Գերապայծառ Շուլլիքադ Կը Դատապարտէ Աշխարհի Մէջ Անօթութեան Գայթակղեցուցիչ Իրավիճակը
Աւելի Քան 1 Միլիառ Անհատ Անօթութենէն Կը Տառապին։


Մակի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ` գերապայծառ ֆրանսիս Շուլլիքադ` միջամտելով ''կայուն զարգացումի ի նպաստ'' Մակի աշխատանքային խումբի հաւաքին հաստատեց թէ ''սնունդի, ջուրի, եւ առողջութեան ապահովութիւնը ոչ միայն անհրաժեշտութիւն մը ն է այլ բարոյական հրամայական''։ Վատիկանի դիւանագէտը նշեց թէ ''աշխարհի վրայ ամէն օր աւելի քան 1 միլիառ անհատ անօթութենէն կը տառապին'' եւ այս մէկը գայթակղեցուցիչ է -ըսաւ Ան - ու դատապարտեց մարդկայնական եւ բարոյական ճգնաժամը, ակնարկելով սննդամթերքային շահադիտական տնտեսութեան եւ քաղաքականութեան ժխտական դերին։
Սուրբ Սթոռի մնայուն դէտը հուսկ հաստատեց թէ ''Ջուրը'' համամարդկային իրաւունք'' մըն եւ ներկայի իրավիճակով աւելի քան 800 միլիոն մարդ կարելիութիւն չ՛ունի ''ջրային մթերքներէն օգտուելու'' մատնանշելով թէ ջուրի համաչափ գործածութիւնը` համագործակցութեան եւ զօրակցութեան կարիք ունի, բարի կամք ունեցող մարդոց միջեւ։ Ան ապա ընգծեց անհրաժեշտութիւնը ստեղծելու Իրաւասու մարմիններ ըլլայ տարածաշրջանային ըլլայ անդրազգային մակարդակի վրայ, համադրելու համար ջրային անաչառ եւ համատեղ օգտագործումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.