2013-05-31 12:11:30

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Հարցազրոյցը ''Մանար'' Պատկերասփիւռի Կայանին հետ


Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ երեկոյեան լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ բանակը գետնի վրայ զինեալներուն դէմ ճակատումին մէջ մեծ ձեռքբերումներ իրագործեց` աւելցնելով, որ «զինուորական հաւասարակշռութիւնը ամբողջովին ի նպաստ բանակին շրջուեցաւ»:
Ասատ յայտնեց, որ «Սուրիա եւ Հըզպալլա նոյն առանցքին մաս կը կազմեն»` աւելցնելով, որ «Լիբանանի հետ սահմանամերձ շրջանին մէջ կուսակցութեան մարտական խումբեր կան, սակայն սուրիական բանակն է, որ զինեալ խմբաւորումներուն դէմ կը կռուի եւ մարտերը կը կառավարէ, եւ այս ճակատամարտը պիտի շարունակուի, մինչեւ ահաբեկիչներուն վերջ տրուի»:
Ան դատապարտելով Թուրքիոյ, Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի յայտնեց, որ «Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար կ՛աջակցին եւ կը ֆինանսաւորեն զինեալ խմբաւորումները: Այդ պետութիւններուն աջակցութեամբ Սուրիա ներթափանցած են շուրջ հարիւր հազար արաբ եւ այլ օտարերկրացի զինեալներ», ըսաւ Ասատ:
Ասատ վերահաստատեց «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին մասնակցելու Սուրիոյ սկզբունքային որոշումը` քննադատելով ընդդիմութեան արտասահմանի մէջ գտնուող ղեկավարները, սակայն նշեց, որ խորհրդաժողովէն կարեւոր արդիւնքներ չի սպասեր:
Ան նշեց, որ «Ժընեւ 2»-ին մասնակցութեան գծով սուրիական կառավարութեան միակ նախապայմանը այն է, որ խորհրդաժողովին ընթացքին գոյացած որեւէ համաձայնութեան շուրջ Սուրիոյ մէջ հանրաքուէ կատարուի, իսկ նախագահի պաշտօնին իր թեկնածութեան հարցը սուրիացի ժողովուրդը կը ճշդէ:
Ինչ կը վերաբերի Իսրայէլի, Ասատ ընդգծեց, որ «սուրիական բանակը անմիջապէս պիտի հակադարձէ սուրիական հողերուն դէմ իսրայէլեան որեւէ նոր յարձակումի»` աւելցնելով, որ «սուրիական կառավարութիւնը արգելք պիտի չհանդիսանայ սուրիական որեւէ խմբաւորման, որ կ՛ուզէ Կոլանի ազատագրման համար դիմադրութեան պատերազմ մղել»: Ան մատնանշեց, որ «Սուրիա ռուսական «Էս-300» հակաօդային հրթիռներու առաջին մասը ստացած է», իսկ «մնացեալ բաժինը մօտ օրէն պիտի հասնի»:
Խօսելով Արաբական լիկային մասին Ասատ յայտնեց, որ արաբական երկիրներու յայտարարութեանց մէջ փոփոխութիւն կը նշմարուի, սակայն ոչ` վարմունքին մէջ` աւելցնելով, որ իրենք Արաբական լիկային որեւէ յոյս չեն կապեր:
Սուրիոյ նախագահը քննադատեց Լիբանանի կառավարութիւնը` յայտնելով, որ Սուրիոյ տագնապը լիբանանցի ժողովուրդին վրայ կ՛ազդէ, եւ երբ կառավարութիւնը ինքզինք այդ տագնապէն զանց կը կացուցէ, իսկութեան մէջ ինքզինք ժողովուրդէն զանց կացուցած կ՛ըլլայ: Ան նշեց, որ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակները ցոյց տուին, որ Լիբանանի ուժը իր ուժին մէջ է եւ ոչ թէ տկարութեան, ինչպէս կը պնդուէր:
Ասատ հարցազրոյցը եզրափակեց ըսելով, որ արձանագրուելիք յաղթանակէն մեծապէս վստահ է` աւելցնելով, որ Սուրիա պիտի շարունակէ աւելի քան երբեք Դիմադրութեան աջակցիլ:
Շալոմ. «Իսրայէլ Սուրիոյ Հետ
Զինուորական Մագլցում Չ՛ուզեր»
Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Սիլվամ Շալոմ յայտարարեց, որ «Իսրայէլ Սուրիոյ հետ զինուորական մագլցում չ՛ուզեր ունենալ, սակայն ռազմավարական զէնքերու մասնաւորաբար Հըզպալլային փոխանցումը պիտի չարտօնէ»:
Ան իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց, որ «մագլցում պատճառելը բացառուած է, եւ Սուրիոյ հետ ճակատին վրայ լարուածութիւն յառաջացնելու պատճառ չկայ, ատիկա մեր նպատակը չէր եւ պիտի չըլլայ»:
Պատասխանելով Սուրիոյ «Էս-300» հակաօդային հրթիռներու յանձնման վերաբերեալ հարցումի մը` Շալոմ ըսաւ, որ «Սուրիա տարիներէ ի վեր ռազմավարական զէնքեր ունի եւ հարց կը յառաջանայ, երբ այդ զէնքերը այլ կողմի մը ձեռքը կ՛անցնի եւ մեզի դէմ կ՛օգտագործուի»` վստահեցնելով, որ «այդ պարագային գործի պիտի լծուինք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.