2013-05-31 12:31:38

''Պէտք Չենք Վախնալ Զօրակցութեան Արտայայտութենէն'' Կ՛ըսէ ֆրանչիսկոս Պապը Յիսուսի Մարմնոյ Եւ Արեան Տօնին Առթիւ։


Սուրբ Հաղորդութիւնը այն խորհուրդն է որ մեզ եսասիրութենէն դուրս կը մղէ միասնաբար ապրելու Աստուծոյ մէջ հաւատքը։ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ Տէրը մեզ կը մղէ քալելու իր ճանապարհի վրայ` ծառայութեան, բաժնեկցութեան եւ նուիրումի ճանպարհ - ըսաւ ֆրանչիկոսի Պապը, հինգշաբթի 30 մայիսի երեկոյեան` Հռոմի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայի հրապարակի վրայ, Յիոսւի մարմնոյ եւ արեան տօնին առթիւ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին իր քարոզին մէջ։ Ան ապա հրաւիրեց բոլոր հաւատացեալները հետեւելու Յիսուսին ու մտիկ ընելու անոր խօսքին իրմէ սորվելով ''զօրակցութիւն'' բարի նշանակութիւնը։

''Նմանութիւն, Հաղորդութիւն եւ բաժնեկցութիւն'' այս երեք բառերը եղան ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզի կեդրոնական նիւթերը, մեկնելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն քաղուած` Ղուկասի աւետարանէն, Հացի եւ Ձուկերու բազմացումի հրաշքի դրուագէն։ Այս գիշեր - ըսաւ Սրբազան Հայրը - աւետարանի մէջ նշուած ամբոխի նման մենք եւս կը ջանանք հետեւիլ Յիսուսին, մտիկ ընել անոր խօսքերուն եւ իրեն հետ մտնել հաղորդակցութեան մէջ Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդի միջոցաւ որպէսզի ընկերանանքԱանոր ու Ինք մեզի ընկերանայ։
Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ ''զօրակցութիւն'' բառի նշանակութեան եւ կարեւորութեան։ Բառ մը - ըսաւ Ան - որմէ պէտք չէ վախնանք, ոչ Եկեղեցական ասպարեզէն ներս եւ ոչ ալ ընկերութեան մէջ։ Աստուծոյ տրամադրութեան տակ դնելու ենք ինչ որ ունինք, մեր խոնարհ կարողութիւնները, որովհետեւ մեր կեանքը պտղաբեր չի կրնար ըլլալ առանց բաժնեկցութեան եւ նուիրումի հոգիի - մատնանշեց Պապը - հաւատացեալները հրաւիրելով հարցադրելու ''եթէ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ ներկայ` Քրիստոսի պաշտամունքով թոյլ կու տանք որ Ան բարեփոխէ մեզ. եւ եթէ թոյլ կու տանք Տիրոջ, որ ինքզինք նուիրեց մեզի համար, առաջնորդելու մեր քայլերը եւ մեզ դուրս մղելու մեր փոքր պարիսպներէն ու փռատելով` նուիրելու, բաժնեկցելու ու Զինք եւ ուրիշները չիրելու վախը։

Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Սուրբ Հաղորդութեան աւանդական թափօրը որ մեկնելով Սուրբ Յովհաննէսի Պազիլիքայէն անցաւ Հռոմի ''Վիա Մէրուլանա'' պողոտայէն ու հասաւ Սանդա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա ուր ֆրանչիսկոս Պապը ներկաներուն ջամբեց Սուրբ Հաղորդութեան օրհնութիւնը։

Յայտնենք որ Յիսուսի մարմնոյ եւ արեան տօնը, ժամանակին կոզուած էր Աստուծոյ Տօն եւ առաջին անգամ կատարուցեաւ Պելկիոյ մէջ 1246-ին։ Ուրբանոս Քահանայապետի օրով 1264-ին դարաձաւ համայն եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուած տօն։ Իսկ Գիրգոր ԺԳ քահանայապետի օրով (1572-1585) հաստատուեցաւ թափօրի ներկայ երթուղին (Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքայէն Սանդա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքա)։ Թէեւ 1870-ին աւանդական վերոյիշեալ թափօրի սովորութիւնը դադրեցաւ` Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի օրով, 1979-ին դարձեալ վերահատատուեցաւ ու մինչեւ օրըս կը շարունակուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.