2013-05-31 12:40:04

Կարտինալ Սանտրիի Խօսքը Յորդանանի ''Մատապա'' Համալսարանի Բացման Հանդիսութեա


Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը` Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրին, շարունակելով անցեալ 24 մայիսին սկիզբ առած, նախ Լիբանան ու ապա Յորդանան կատարած իր հովուական այեցլութիւնը, հինգշաբթի մայիս 30-ին Յորդանանի Արքայ` Ապտալլահ Բ-ին հետ մասնակցեցաւ Երուսաղէմի Լատինաց Պատրիարքութեան պատկանող ''Մատապայի'' Համալսարանի բացման հանդիսութեան, որուն ընթացքին ճառ մը ուղղեց ներկաներուն յայտնելով գոհունակութիւնը այս ուրախ առիթով գտնուելու` ''ազնուական այս երկրին մէջ'' որուն անունը ներշնջուած է ''Յորդանան գետէն'' ուր Յիսուս մկրտուեցաւ եւ որ Քրիստոսի հաւատացողներուն համար մեծ նշանակութիւն ունի - ըսաւ Կարտինալը - նախ քան Ապտալլահ Թագաւորին ներկայացնելու ֆրանչիսկոս Պապի յատուկ ողջոյնը։
Կարտինալ Սանտրին ապա անդրադառնալով համալասարանի դերին մասին հաստատեց թէ անոր կէտնպատակն է ''երիտասարդներու կրթութիւնը'' ապահովցնել ընդգծելով որ բոլոր հակամարտութիւններն ու աղքատութիւնը կարելի է աստիճանաբար յաղթահարել այն ժամանակ երբ երիտասարդներու դաստիարակութեան ուղիով ներդրումներ կատարուին։ Սոյն լոյսին տակ համալսարանը կրնայ դառնալ նաեւ միջկրօնական երկխօսութեան ազդու դերակատար մը - ըսաւ Սանտրի Կարտինալը - մատնանշելով Պենետիկտոս ԺԶ-ի ''Եկեղեցին Արեւելքի մէջ'' շրջաբերական թուղթին։
Ան ապա խօսքը ուղղելով համալսարանի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան զանոնք քաջալերեց ըլլալու ճշմարտութեան արի վկաները։ Ճշմարտութիւնը որ կը միացնէ եւ չի բաժներ- հաստատեց Ան - ու յորդորեց ներկաները ''աճելու իրարու փոխադարձ յարգանքով''։
Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը խօսքը եզրափակեց ըսելով թէ ''Եկեղեցին ուր ալ որ գտնուի կը փափաքի սատարել ամէն երկրի ազգային բարիքին` առանց սպառնալու տեղական մշակոյթին եւ անհատական ժառանգութեան։''
Յայտնենք թէ Կարտինալ Սանտրին այսօր 31 մայիսին կ՛այցելէ Յորդանանի ''Րէճինա Բաչիս'' կեդրոնը ուր վերջին շրջանին դարձած է սուրիացի գաղթականներու հիւրընկալութեան վայր։ Ան ապա Յուսին մէկին կը վերադառնայ Իտալիայ։








All the contents on this site are copyrighted ©.