2013-05-30 09:57:15

Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ


Շաբաթ 1 յունիսի երեկոյեան ժամը 5,30-ին Լիբանանի Զալքայի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ Սարկաւագական ձեռնադրութեան արարողութիւն նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց` ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին որուն ընթացքին կիսասարկաւագ Վահէ Նահապետեանը կ՛ընդունի Սարկաւագական Կարգը։

Տէր Պօղոս Նահապետեան դամասկահայ է։ Երեսունինը տարեկանին ան Աստուծոյ ձայնը լսեց՝ նուիրուելու համար քահանայական կեանքի: Ընդառաջելով աստուածային կոչին, համաձայնաբար Թալինին՝ իր ազնուափայլ տիկնոջ հետ, որոշեց հրաժարիլ իր յաջող ու շահեկան գործէն եւ ընտանիքով Ամմանէն տեղափոխուեցաւ Պէյրութ, ուր հետեւացաւ Փիլիսոփայական եւ Աստուածաբանական դասընթացներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.